Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման 25րդ ­տա­րե­դար­ձի օ­րը, հայ ցան­ցա­հէն­նե­րը ատր­պէյ­ճա­նա­կան շարք մը կայ­քէջ­նե­րու վրայ յար­ձա­կում գոր­ծած են: Ա­նոնք ատրպէյ­ճա­նա­կան ո­րոշ կայ­քէջ­նե­րու վրայ զե­տե­ղած են ­Հա­յաս­տա­նի դրօ­շը պատ­կե­րող նկար

եւ շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ՝ «­Տօնդ շնոր­հա­ւո՛ր, ­Հա­յաս­տան»:

«­Մոն­թէ ­Մել­քո­նեան» հա­մա­ցան­ցա­յին բա­նա­կի «­Դի­մա­գիրք»ի է­ջին վրայ ալ հրա­պա­րա­կո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ըստ ո­րուն` խում­բին կող­մէ կա­տա­րո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ձեռք ձգո­ւած են ատր­պէյ­ճան­ցի 1200 սպա­նե­րու անձ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րը, նե­րա­ռեալ՝ անձ­նա­թուղթ­նե­րու եւ հե­ռա­ձայ­նի թի­ւեր, բնա­կու­թեան հաս­ցէ­ներ եւ անձ­նա­կան այլ տո­ւեալ­ներ:

­Խում­բին մէկ այլ գոր­ծո­ղու­թեամբ ալ ձեռք ձգո­ւած է ատրպէյ­ճա­նա­կան դրա­մա­տուն­նե­րէն մէ­կուն յա­ճա­խորդ­նե­րու տո­ւեալ­նե­րու շտե­մա­րա­նը, որ կ­՚ընդգր­կէ շուրջ 10.000 հո­գիի անձ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րը: