Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՍեպ­տեմ­բեր 25ին «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը ­Մե­լիք գիւ­ղին մէջ (Ա­րա­գա­ծոտ­նի մարզ) բա­ցած է հա­մայն­քի միջ­նա­կարգ դպրո­ցը, որ հիմ­նա­նո­րո­գո­ւած է ար­ժան­թի­նա­հայ Հ­րաչ եւ ­Մա­րի ­Սու­րէ­նեան ա­մո­լին օ­ժան­դա­կու­թեամբ:

­Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­յա­ցած է ­Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա ­Վար­դա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ծրագ­րի հո­վա­նա­ւոր ա­մուսին­նե­րուն, ար­ժան­թի­նա­հայ բա­րե­րար­նե­րու ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նեակ հիւ­րե­րու, հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Ա­րա­գա­ծոտ­նի մարզ­պետ ­Գաբ­րիէլ ­Գէո­զա­լեան, պաշ­տօ­նեա­ներ, հիւ­րեր:
­Հան­դի­սու­թիւ­նը մեկ­նար­կած է հա­մայն­քի ­Սուրբ ­Յով­հան­նէս (1895թ) ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւած ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գով, որ­մէ ետք տե­ղի ու­նե­ցած է նաեւ բա­րե­րար­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ հա­մայն­քի 17 ե­րե­խա­յի մկրտու­թիւ­նը: Ան­մի­ջա­պէս ետք մեկ­նար­կած է վե­րա­նո­րո­գո­ւած դպրո­ցի բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը, որ եզ­րա­փա­կո­ւած է հան­դի­սու­թեամբ՝ ազ­գա­յին երգ ու պա­րով, աս­մուն­քով:

«Ա­մէն եր­կիր ու­նի զար­գաց­ման իր ռե­սուր­սը (նե­րու­ժը), ­Հա­յաս­տա­նի դէպ­քում դա գի­տե­լիքն է, ո­րը ձե­ւա­ւոր­ւում եւ ամ­րապնդ­ւում է դպրո­ցում: Այս­տեղ է կրթւում ­Հա­յաս­տա­նի այն ա­պա­գան, ո­րի մա­սին բո­լորս ե­րա­զում ենք: ­Մաղ­թում եմ, որ լաւ կրթու­թիւն ստա­նաք եւ այն ներդ­նէք հայ­րե­նի­քի շէ­նաց­ման գոր­ծում»,- ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ նշած է հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա ­Վար­դա­նեան:

­Գիւ­ղա­պետ ­Դե­րե­նիկ ­Շահ­բա­զեան հա­մայն­քի ա­նու­նով ­Սու­րէ­նեան­նե­րուն ­Մե­լի­քի պա­տո­ւա­ւոր քա­ղա­քա­ցիի հա­ւաս­տա­գիր յանձ­նած է:

1994ի կա­ռոյ­ցը հիմ­նա­նո­րո­գու­մէ ետք ու­նի` նոր տա­նիք, դռներ ու պա­տու­հան­ներ, սան­հան­գոյց­ներ, վե­րա­փո­խո­ւած յա­տակ, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան նոր հա­մա­կարգ: Ար­դիա­կա­նա­ցո­ւած է նաեւ շէն­քի ար­տա­քին տես­քը. կա­տա­րո­ւած է ար­տա­քին պա­տե­րու յար­դա­րում, նո­րո­գո­ւած է նա­խա­մուտ­քը, բա­րե­կար­գո­ւած է բա­կա­յին տա­րած­քը: