Անկախ Հայաստանը 25 տարեկան է: Այս տարիներու ընթացքին Հայաստան բազմաթիւ մարզական յաջողութիւններ ունեցած է, բայց նուաճումներու գագաթնակէտը 25ամեակին եղաւ:
Վերջին մէկ տարուան ընթացքին 25ամեայ անկախ Հայաստանի նորընծայ ողիմպիական ախոյեաններն ու փոխ-ախոյեանները անշուշտ գնահատելի են: 2016 թուականի Ռիոյի 31րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստան ներկայացաւ 32 մարզիկներով` նուաճելով 4 շքանշան. յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան` ոսկի շքանշան, Միհրան Յարութիւնեան անարդար մրցավարութեան հետեւանքով կորսնցուց ոսկի շքանշանը, սակայն Հայաստանի մէջ ճանչցուեցաւ ողիմպիական ոսկի շքանշանակիր, ծանրաբարձներ Գոռ Մինասեան եւ Սիմոն Մարտիրոսեան` արծաթ շքանշաններ նուաճեցին:
Աշխարհի ախոյեաններն ու շքանշանակիրները.
Արթուր Ալեքսանեան. 2015ի աշխարհի ախոյեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ)
Անդրանիկ Կարապետեան. 2015ի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ շքանշանակիր (ծանրաբարձութիւն)
Գոռ Մինասեան. 2015ի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ շքանշանակիր (ծանրաբարձութիւն)
Յարութիւն Մերտինեան. 2015ի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ շքանշանակիր (մարմնամարզութիւն):
Եւրոպայի ախոյեաններն ու շքանշանակիրները
Անդրանիկ Կարապետեան. 2016ի Եւրոպայի ախոյեան (ծանրաբարձութիւն)
Նազիկ Աւտալեան. 2016ի Եւրոպայի ախոյեան (ծանրաբարձութիւն)
Հռիփսիմէ Խուրշուտեան. 2016ի Եւրոպայի ախոյեան (ծանրաբարձութիւն)
Յարութիւն Մերտինեան. 2016ի Եւրոպայի ախոյեան (մարմնամարզութիւն)
Վարշամ Պորանեան. 2016ի Եւրոպայի ախոյեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ)
Արթուր Ալեքսանեան. 2016ի Եւրոպայի փոխ-ախոյեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ)
Ռոման Ամոյեան. 2016ի Եւրոպայի փոխ-ախոյեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ)
Տիգրան Մարտիրոսեան. 2016ի Եւրոպայի փոխ-ախոյեան (ծանրաբարձութիւն)
Գոռ Մինասեան. 2016ի Եւրոպայի փոխ-ախոյեան (ծանրաբարձութիւն)
Արթուր Դաւթեան. 2016ի Եւրոպայի փոխ-ախոյեան (մարմնամարզութիւն)
Վահագն Դաւթեան. 2016ի Եւրոպայի փոխ-ախոյեան (մարմնամարզութիւն)
Արթուր Աւետիսեան. 2016ի Եւրոպայի փոխ-ախոյեան (մարմնամարզութիւն)
Սիմոն Մարտիրոսեան. 2016ի Եւրոպայի պրոնզէ շքանշանակիր (ծանրաբարձութիւն)
Կարապետ Չալեան. 2016ի Եւրոպայի պրոնզէ շքանշանակիր (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ)