Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՍեպ­տեմ­բեր 20ին Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեան ըն­դու­նեց Ֆ­րան­սա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Ծե­րա­կոյ­տի ան­դամ, Ալ­ֆոր­վիլ­լի քա­ղա­քա­պետ ­Լիւկ ­Կառ­վու­նա­սի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը: Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը՝ Ազ­գա­

յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը բարձր գնա­հա­տեց ֆրան­սա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն հետ կա­պե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս «Ֆ­րան­սա-­Ղա­րա­բաղ» բա­րե­կա­մու­թեան շրջա­նա­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ Ար­ցա­խին սա­տա­րե­լու հար­ցով:

«­Մեզ հա­մար ա­զա­տու­թիւ­նը մեր ի­րա­ւունք­ներն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու միակ մի­ջոցն է»,- ընդգ­ծեց Ա­շոտ ­Ղու­լեան: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով պատուի­րա­կու­թեան ա­նու­նով՝ ծե­րա­կու­տա­կան ­Լիւկ ­Կառ­վու­նաս նշեց, որ Ֆ­րան­սա­յին եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղին կը միա­ւո­րէ ա­զա­տու­թեան ու ան­կա­խու­թեան ձգտու­մը եւ հա­մոզ­մունք յայտ­նեց, որ պի­տի յա­ջո­ղին ընդ­լայ­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րը:

«­Մեզ կը պատ­կա­նի ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Հա­մընդ­հա­նուր Հռչա­կա­գի­րը, հե­տե­ւա­պէս ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ ապ­րող մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան խնդի­րը նաեւ մեր խնդիրն է»,- ընդգ­ծեց ­Լիւկ ­Կառ­վու­նաս: ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան Ար­ցախ այ­ցին կ­’ու­ղեկ­ցէր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, ­Հայ ­Դա­տի գրա­սե­նեա­կի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու ­Կի­րոյ ­Մա­նո­յեան: