www.lib.mindiaspora.am հասցէով՝ հաստատուած է սփիւռքի նախարարութեան ելեկտրոնիք գրադարանը, ուր կարելի է տեղեկատուութիւն ստանալ աշխարհի մէջ գործող հայկական գրահրատարակչական, մշակութային եւ հետազօտական հաստատութիւններու, գրադարաններու, հրատարակչութիւններու, հետազօտական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ հայ հեղինակներու եւ անոնց աշխատութիւններուն վերաբերեալ:
Գրադարանը կը ներառնէ բազմալեզու գրականութիւն Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, սփիւռքի համայնքներու պատմութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախեան հիմնախնդրի եւ այլ հայագիտական նիւթերու հաւաքածոներով, որոնք շարունակ կը նորոգուին:
Հաւաքածոն կ'ամփոփէ նաեւ պարբերականներ, տեղեկատուական նիւթեր, մանկական գրականութեան նմուշներ, դասագիրքեր, հոգեւոր ‘ գեղարւեստական գիրքեր:
Գրադարանը որակեալ գրականութեամբ համալրելու եւ մասնագիտացուած կազմակերպութիւններու վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ հաւաքագրելու գործին մէջ անշուշտ ակնկալելի է աշխուժ մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը: