Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 17ին Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ մասնակցած է Արցախեան գինիի 3րդ փառատօնին: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր
վարչութենէն:
Երկրի ղեկավարը գոհունակութեամբ նշած է, որ գինիի փառատօնի իրականացումը դարձած է աւանդական եւ արդէն իսկ ակնյայտ դրական ազդեցութիւն ունի տեղական արտադրանքի խթանման վրայ:
Փառատօնի կազմակերպման նախաձեռնութիւնը Լ.Ղ.Հ. տնտեսութեան նախարարութեանն է: Տնային տնտեսութիւններն ու արտադրողները կը ներկայացնեն իրենց պատրաստած գինին ու գիւղացիական այլ արտադրանքներ: