9 Սեպտեմբերին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականին,
ինչպէս նաեւ՝ Արցախի վերաբերեալ տարբեր հարցերու:
Ըստ անոր՝ արտաքին ու ներքին այն մարտահրաւէրները, որոնք ծառացած են ժողովուրդին դիմաց, թոյլ չեն տար սպասելու մինչեւ 2017 թուական` խորհրդարանական ընտրութիւնները, եւ խորհրդարանական կառավարման համակարգին սահուն անցնելու համար ճիշդ է, որ այսօր իսկ սկսին փոփոխութիւնները: Ռուստամեան դիտել տուած է, թէ ատիկա նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կարելիութիւն պիտի տայ` աշխատելու նոր կառավարութեան ծրագիրին վրայ, որպէսզի անիկա համահունչ ըլլայ քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիրին հետ, որ կնքուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ:
«Մեր հասարակութեան զգալի մասը չունի այդ համբերութիւնը եւ չի պատկերացներ, որ 2017ին բարեփոխումները պիտի բերեն այն նպատակներու իրականացման, որոնք շատերը իրենց մտքերուն մէջ այսօր ունին: Մենք համոզում ունէինք, որ ոչինչ կը խանգարէ մեզ փոփոխութիւնները այսօր սկսելու: Պէտք է նոր սկիզբի հիմքեր դնել, մարդոց մօտ յոյսեր արթնցնել: Այդ շրջագիծին մէջ ես կը գնահատեմ Յովիկ Աբրահամեանի քայլը` հրաժարականը, եւ յոյս ունիմ, որ նոր վարչապետը, որ բանիմաց, պարկեշտ, կիրթ եւ իր գործը լաւ գիտցող անձնաւորութիւն է, ունի ժամանակակից մտածելակերպ եւ կրնայ առաջնորդել փոփոխութիւնները»,- յայտնած է Արմէն Ռուստամեան։
Անոր կարծիքով՝ Հայաստանի մէջ գտնուած են իշխանաւորներ, որոնք ամբողջովին անտեսած են իրենց վարկանիշի բարձրացման խնդիրը` այն համոզումով, որ «իրենց դէմ խաղ չկայ», ինչպէս ալ գործեն: Բայց հիմա իշխանութիւնները հասկըցած են, որ իրավիճակը փոխուած է, եւ իշխանութիւնը պահելու համար պէտք է մտածեն իրենց վարկի բարձրացման մասին եւ համապատասխան քայլեր առնեն: «Այս անգամ, անձերու փոփոխութենէն զատ, պէտք է փոխուի նաեւ բովանդակութիւնը` խաղի կանոնները, ներ-իշխանական յարաբերութիւնները»,- հաստատած է Ռուստամեան: