Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀայ­կա­կան Ազ­գա­յին Կի­նօ-ա­կա­դե­միա­յի ան­դամ­նե­րու փակ քո­ւէար­կու­թեամբ՝ ո­րո­շո­ւած է Հա­յաս­տա­նի կող­մէ «Օս­քար»ի ա­ռա­ջադ­րել Սա­րիկ Անդ­րէա­սեա­նի «Երկ­րա­շարժ» ժա­պա­ւէ­նը: Միու­թեան 24 ան­դամ­նե­րը եր­կու փու­լե­րու փակ քո­ւէար­կու­թեամբ վճռած են, թէ

Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ո՛ր ժա­պա­ւէ­նը պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի «Օս­քար»ի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան «­Լա­ւա­գոյն օ­տա­րա­լե­զու ֆիլմ» բա­ժան­մուն­քին։

Հայ­կա­կան Ազ­գա­յին Կի­նօ-ա­կա­դե­միան ստա­ցած էր դի­մում ե­րեք ժա­պա­ւէն­նե­րու կող­մէ՝ Դա­ւիթ Սա­ֆա­րեա­նի «­Տաք եր­կիր, ցուրտ ձմեռ», Սա­րիկ Անդ­րէա­սեա­նի «Երկ­րա­շարժ» եւ Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի «­Վեր­ջին Բ­նա­կի­չը»: Հա­յաս­տա­նի Կի­նե­մա­տոգ­րա­ֆիստ­նե­րի Միու­թեան նա­խա­գահ Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեան լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին յայտ­նած է, որ բնա­կա­նա­բար լաւ պի­տի ըլ­լար, ե­թէ քա­նի մը ժա­պա­ւէն­ներ մաս­նակ­ցէին շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօն­նե­րուն, ա­պա ա­նոնք ա­ռա­ջադ­րո­ւէին իբ­րեւ «Օս­քար» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան յա­ւակ­նորդ ժա­պա­ւէն, ինչ­պէս հա­րե­ւան Վ­րաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, սա­կայն, ըստ ա­նոր, «ու­նենք այն, ինչ ու­նենք»: