Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլին: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Վրաստանի իր գործընկերը դիմաւորած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Հայաստանի կառավարութեան տեղեկա
տուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով՝ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղղուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Հանդիպում` նախագահ Սարգսեանի հետ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլին: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնած, որ անոր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Երեւան նոր խթան կը հանդիսանայ միջ-պետական յարաբերութիւններուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, ըստ անոր, լաւ կարելիութիւններ են՝ կառուցողական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ քննարկելու հայ-վրացական օրակարգի հարցերը, նախանշելու փոխադարձ գործակցութեան նոր կարելիութիւններ։
Ընդգծելով, որ ոչ միայն Հայաստանը եւ Վրաստանը բարեկամ պետութիւններ են, այլեւ՝ երկու ժողովուրդները իրարու կապուած են պատմականօրէն ձեւաւորուած բազմադարեան եղբայրական յարաբերութիւններով, որոնց Հայաստանի մէջ հոգատարութեամբ կը վերաբերին՝ նախագահը նշած է, որ այդ յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է մշտապէս զարգացնել եւ ամրապնդել: Երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական երկխօսութեան ներկայի բարձր մակարդակը, հանրապետութեան նախագահին համոզումով, թոյլ կու տայ երկկողմ յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ աւելի խորացնելու` զանոնք հասցնելով որակապէս նոր մակարդակի:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի նշած է, որ ուրախ է բարեկամ երկրին մէջ գտնուելուն, որուն հետ Վրաստանի յարաբերութիւնները դարաւոր պատմութիւն ունին, եւ վրացի ժողովուրդն ու վրացական կառավարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տան այդ յարաբերութիւններու զարգացման:
Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի կարծիքով՝ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ առկայ փոխըմբռնումը, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներու համագործակցութեան աշխուժութիւնը եւ առեւտրական ու տնտեսական կապերը շատ լաւ հիմք են աւելի ամրապնդելու յարաբերութիւնները` լիարժէքօրէն օգտագործելով առկայ մեծ ներուժը:
Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ամուր բարեկամական կապերը, վարչապետ Քվիրիքաշվիլիի խօսքերով, կարեւոր են ինչպէս Վրաստանի եւ Հայաստանի համար, այնպէս ալ, ընդհանուր առմամբ, Հարաւային Կովկասի կայունութեան տեսանկիւնէն: Այս շրջագիծին մէջ Վրաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին` երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրումին համար: Հանդիպումին զրուցակիցները քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններն ու ներուժը: