Երեւանի մէջ լոյս տեսած է թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Հայկ Մարտիրոսեանի «Գերմանական միսիոնարական գործունէութիւնն Օսմանեան Կայսրութիւնում. Մարաշի կայանը (1896-1919 թթ.)» մենագրութիւնը (Երեւան, 2016, 222 էջ ):
Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.netը: Գիրքը հրատարակուած է «Գիտութեան եւ կրթութեան հայկական ազգային հիմնադրամի (ANSEF)» դրամաշնորհման ծիրէն ներս: Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. Արեւելագիտութեան ուսումնարանի գիտական խորհուրդին որոշումով՝ տպագրուած գիրքին մէջ կը ներկայացուի Արեւելքի մէջ քրիստոնէական բարեգործութեան գերմանական օգնութեան միութեան` Մարաշի միսիոնարական կայանին պատմութիւնը 1896-1919 թթ:
Կը ներկայացուին միսիոնարական աշխատանքներու բոլոր բնագաւառները` որբախնամութիւնը, այրիներու խնամքը, երեխաներու կրթութիւնը, արհեստներու ուսուցանումը, բժշկական-հիւանդախնամ, աղքատախնամ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ աւետարանականութեան քարոզչութեան ուղղուած գործունէութիւնը:
Աշխատանքին երկրորդ մասին մէջ՝ հանրագիտարանային ձեւաչափով՝ կը ներկայացուին Մարաշի մէջ գործունէութիւն ծաւալած եւ գերազանցապէս անյայտ մնացած 40 աշխատակիցներու կեանքն ու գործունէութիւնը, որոնցմէ շատերը կիլիկիոյ հայութեան կոտորածներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներ են:
Գերազանցապէս աղբիւրագիտական հէնքի վրայ ստեղծուած մենագրութիւնը առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ կը դնէ բազմաթիւ արժէքաւոր սկզբնաղբիւրներ: