Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյման, իր կնոջ՝ Ուաֆա Սլէյմանի ուղեկցութեամբ, եռօրեայ պաշտօնական այցով մը գտնուեցաւ Երեւան:
Այցի ընթացքին Լիբանանի նախագահը հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ:
Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուեցաւ անցնող շաբաթավերջին: Լիբանանի նախագահը Ծիծեռնակաբերդ այցելեց եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, դափնեպսակ զետեղելով:
Լիբանանի նախագահի պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Լիբանանի արդիւնաբերութեան նախարար Վրէժ Սապունճեան, որ նոյն օրը հանդիպեցաւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի հետ: Կողմերը նշեցին, թէ անհրաժեշտ է աշխուժացնել յատկապէս երկկողմանի տնտեսական համագործակցութիւնը: Վրէժ Սապունճեան հետաքրքրուած էր Հայաստանի արտադրած հողամշակութեան արտադրանքով եւ փափաքած աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալ՝ Հայաստանէն Լիբանան այդ ապրանքներու արտածումը կազմակերպելու համար:
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարը, համաձայնելով նման համագործակցութիւն մը ծաւալելու առաջարկին՝ իր կարգին աւելցուց, որ ոչ միայն փոխադարձ արտածումները, այլ միացեալ ձեռնակութիւններու ստեղծումը կրնայ նաեւ համագործակցութեան լաւագոյն օրինակ ծառայել:
Պէյրութ-Երեւան ուղիղ թռիչք
Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները այժմ բարձր մակարդակի կը գտնուին, եւ մենք հոս ժամանեցինք, որպէսզի այն՝ իտէալականի հասցնենք, Երեւանի մէջ պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին յայտնեց Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյմանը:
Հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդները շատ ընդհանուր բան ունին պատմական տեսակէտէ, նշեց նախագահը` աւելցնելով, որ բարձր կը գնահատէ երկու երկիրներու միջեւ առկայ ամուր կապերը: Բացի այդ, Լիբանանի նախագահի խօսքով, այս այցի արդիւնքով ստորագրուելիք պայմանագրի շնորհիւ, համագործակցութիւնը շատ առումներով կը խորանայ: «Մասնաւորապէս, ատիկա կը վերաբերի զբօսաշրջութեան ոլորտին: Այդպէս, Պէյրութ-Երեւան ուղիղ թռիչքը կարող է հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու ամրապնդման լաւ միջոց դառնալ»,- ընդգծեց ան:
Հանդիպում ՀՀ նախագահին հետ
Շաբաթ, 10 Դեկտեմբերին Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանի հրաժեշտի արարողութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, մինչ այդ, երկու երկիրներու ղեկավարները կարճատեւ առանձնազրոյցի ընթացքին ամփոփած են այցելութեան արդիւնքները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Լիբանանի նախագահին հետ հանդիպման իբրեւ արդիւնք անգամ մը եւս համոզուած է, որ երկու բարեկամ երկիրները ունին բաւականաչափ ընդհանուր հետաքրքրութիւններ, խնդիրներ եւ հանդիպման եզրեր, նաեւ՝ այդ բարեկամութիւնը մշտապէս ամրապնդելու պարտաւորութիւն: Նախագահ Սարգսեանի համաձայն, նախագահ Միշել Սլէյմանի այցելութիւնը Հայաստան‘ քայլ էր այդ ուղղութեամբ: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Լիբանանի նախագահին հետ մօտ ապագային կրկին կը հանդիպին՝ այդպիսով անգամ մը եւս հայ-լիբանանեան ներկայ ջերմ յարաբերութիւնները մշտապէս ամրապնդելու ազդակ հաղորդելով շահագրգիռ բոլոր կողմերուն:
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ լիբանանեան կողմը հետեւողական պիտի ըլլայ այցելութեան ընթացքին ստորագրուած փաստաթուղթերը կեանքի կոչելու հարցով, որուն համար պատասխանատու բոլոր պետական մարմիններուն համապատասխան յանձնարարականներ պիտի տրուին:
Մ. Սլէյման եւս համոզուած ընդգծած է, որ իր պաշտօնական այցելութիւնը լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ բոլոր մարզերուն մէջ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները աւելի գործուն դարձնելու եւ ամրապնդելու համար: