Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­­Սեպ­տեմ­բեր 3ին, յետ եր­կա­րա­տեւ ու ծանր հի­ւան­դու­թեան, իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է ­­Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Հ­րա­չեայ ­­Թամ­րա­զեան:
Ծ­նած է 1953ին, Ե­րե­ւան: 1976ին ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րա­կան բա­ժի­նը, 1977էն աշ­խա­տան­քի ան­ցած է Ե­րե­ւա­նի «­­Մես­րոպ ­­Մաշ­տոց»

­­Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ` նախ որ­պէս ա­ւագ աշ­խա­տա­կից, ա­պա կրտսեր ու ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող: 1988էն 1991 ան վա­րած է «­­Սո­վե­տա­կան գրող» հրա­տա­րակ­չու­թեան գլխա­ւոր խմբագ­րի, իսկ 1991էն 1993 ՝ «­­Նա­յի­րի» հրա­տա­րակ­չու­թեան տնօ­րէ­նի պաշ­տօն­նե­րը:

Գ­րող­նե­րու միու­թեան ան­դամ էր 1986էն ի վեր: 1993ին նշա­նա­կո­ւած է Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռըն­թեր հրա­տա­րակ­չա­կան գոր­ծե­րու վար­չու­թեան պետ, իսկ 1995-1997 տա­րի­նե­րուն ղե­կա­վա­րած է Հ.Հ. տե­ղե­կատ­ուու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը:

Հ­րա­չեայ ­­Թամ­րա­զեան 1997-2007 տա­րի­նե­րուն միա­ժա­մա­նակ աշ­խա­տած է որ­պէս «­­Նա­յի­րի» հրա­տա­րակ­չու­թեան տնօ­րէն եւ ­­Մա­տե­նա­դա­րա­նի ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող:

1999ին ստա­ցած է բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տո­րի աս­տի­ճան: ­­Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը կը վա­րէր 2007էն ի վեր: ­­Հա­յաս­տա­նի գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միա­յի թղթա­կից ան­դամ դար­ձած էր 2014ին: Հ­րա­չեայ ­­Թամ­րա­զեան բազ­մա­թիւ մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու, գի­տա­կան յօ­դո­ւած­նե­րու եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ է:

Իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը գլխա­ւո­րա­բար կ­­՚առն­չո­ւին միջ­նա­դա­րա­գի­տու­թեան, յատ­կա­պէս՝ նա­րե­կա­ցիա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին: