Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­­altԼեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան 25ա­մեա­կին ա­ռի­թով 2 ­­Սեպ­տեմ­բե­րին Ար­ցա­խի տա­րած­քին տե­ղի ու­նե­ցան տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ եւ հան­դի­սու­թիւն­ներ։

 

 

­­Հա­յաս­տա­նի եւ ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ­ներ ­­Սերժ ­­Սարգ­սեան եւ ­­Բա­նօ ­­Սա­հա­կեան այս ա­ռի­թով ­­Հա­յաս­տա­նէն ժա­մա­նած եւ ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ու պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, ար­ցա­խա­հա­յու­թեան եւ աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ե­կած հիւ­րե­րուն հետ, ա­ռա­ւօ­տեան, ­­Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կէն հան­դի­սա­ւոր քայ­լար­շա­ւով այ­ցե­լե­ցին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լիր, ծաղ­կեպսակ զե­տե­ղե­ցին եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­ցին Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հա­մար զո­հո­ւած հա­յոր­դի­նե­րու յի­շա­տա­կին:

­­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տի ըն­թաց­քին զո­հո­ւած­նե­րու պան­թէո­նին մէջ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղեց ա­զա­տա­մար­տի նա­հա­տակ­նե­րուն եւ ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի ­­Գե­րա­գոյն ­­Խոր­հուր­դի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Ար­թուր Մկրտ­չեա­նի շի­րիմ­նե­րուն վրայ:

­­Նոյն օ­րը մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «­­Հա­յաս­տա­նի դրա­մաշր­ջա­նա­ռու­թեան պատ­մու­թիւ­նը. ֆի­նանս­ներ բո­լո­րի հա­մար» խո­րա­գի­րով ցու­ցա­հան­դէս:
­­Ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տան տնօ­րէն Ար­թուր ­­Ջա­ւա­դեան եւ ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի վար­չա­պետ Ա­րա ­­Յա­րու­թիւ­նեան՝ ստո­րագ­րե­լով ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի Ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 25ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած 2 խորհր­դան­շա­կան նա­մա­կա­նի­շի մա­րում. ա­նոնք 50.000ա­կան տպա­քա­նա­կով են եւ կը տրա­մադ­րո­ւին «Ար­ցախ­փոստ»ին մէջ:

­­Հա­յաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տան դրա­մա­գէտ ­­Գէորգ ­­Մու­ղա­լեան յայտ­նեց, որ ար­դէն 10 տա­րի է, որ կը կա­յա­նայ «­­Հա­յաս­տա­նի դրա­մաշր­ջա­նա­ռու­թեան պատ­մու­թիւ­նը. ֆի­նանս­ներ բո­լո­րի հա­մար» ցու­ցա­հան­դէ­սը: «­­Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը տար­բե­րա­կո­ւած է ժա­մա­նա­կագ­րա­կան սկզբուն­քով, որն ա­ւե­լի ըն­կա­լե­լի է դարձ­նում փո­ղի պատ­մու­թեա­նը վե­րա­բե­րող հիմ­նա­կան հար­ցե­րը. ին­չի՞ հա­մար է փո­ղը, ե՞րբ եւ որ­տե՞ղ են հա­տո­ւել ա­ռա­ջին մե­տա­ղադ­րամ­նե­րը, ինչ­պէ՞ս են կա­տար­ւում կենտ­րո­նա­կան դրա­մա­տան գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը»,- ը­սաւ Գ. ­­Մու­ղա­լեան:

­­Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նա­խա­գահ ­­Բա­կօ ­­Սա­հա­կեան, Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­­Պար­գեւ Սր­բա­զան, պե­տա­կան այ­րեր, կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­ներ, դրա­մա­տան պաշ­տօ­նեա­ներ եւ հիւ­րեր:

­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թեան եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան բա­ժի­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ա­նո­ւան մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի բա­կին մէջ այս ա­ռի­թով կա­յա­ցաւ հա­մերգ։ Ա­նոր մաս­նակ­ցե­ցան Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­­Նա­յի­րու­հի» եւ «Ար­ցա­խի ­­Բա­լիկ­ներ» հա­մոյթ­նե­րը, պա­րա­րո­ւես­տի քո­լէ­ճը, ­­Յա­կոբ ­­Գիւր­ջեա­նի ա­նո­ւան ա­րո­ւես­տի դպրո­ցը, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մշա­կոյ­թի տան սա­նե­րը, «­­Զո­ւարթ­նոց» պա­րա­խում­բը, Ար­ցա­խի պե­տա­կան ճազ նո­ւա­գա­խում­բը, ան­հատ կա­տա­րող­ներ, ո­րոնք հան­դէս ե­կան հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով:

Ս­տե­փա­նա­կեր­տի կեդ­րո­նա­կան օ­ղա­կա­ձեւ պու­րա­կին մէջ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ար­ցա­խի բո­լոր շրջան­նե­րու ման­կա­պա­տա­նե­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեդ­րոն­նե­րու ու ան­հատ մաս­նա­կից­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառք: ­­Սա­նե­րուն աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ գե­րակշ­ռող էր ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 25ա­մեա­կին վե­րա­բե­րող ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

«­­Բո­լոր տօ­նա­կան օ­րե­րին էլ մեր աշ­խա­տանք­նե­րը ներ­կա­յաց­նում ենք Ս­տե­փա­նա­կեր­տում, սա­կայն այս օ­րը իւ­րա­յա­տուկ է մեզ հա­մար: ­­Մեր սա­նե­րի աշ­խա­տանք­նե­րում ա­ռա­ւել մեծ տեղ են գրա­ւում ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 25ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը: ­­Գոր­գե­րը, ձեռ­քի աշ­խա­տանք­նե­րը, կա­ւէ ա­ման­ներն ու մնա­ցեալ աշ­խա­տանք­նե­րը կ­­՛ար­տա­ցո­լաց­նեն Ար­ցա­խի հա­զա­րա­մեայ պատ­մու­թիւնն ու ան­կա­խու­թեան 25ա­մեայ ձեռ­բե­րում­նե­րը»,- ման­րա­մաս­նած է Աս­կե­րա­նի ա­րո­ւես­տի դպրո­ցի տնօ­րէն Ա­նա­հիտ ­­Բա­դա­լեան: