Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt2 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, Օ­փե­րա­յի եւ ­Պա­լէի Ա­կա­դե­մա­կան ­Թատ­րո­նի դահ­լի­ճին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պած քա­ղա­քա­կան հա­ւա­քը` ի զօ­րակ­ցու­թիւն Ար­ցա­խի պե­տա­կա­նու­թեան: ­Ներ­կայ էին Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­

րանդ ­Մար­գա­րեան, նա­խա­րար­ներ, մարզ­պետ­ներ, պատ­գա­մա­ւոր­ներ, դաշ­նակ­ցա­կան­ներ ու հա­մա­կիր­ներ:
­Ձեռ­նար­կը սկսաւ մէկ վայր­կեան յոտն­կայս լռու­թեամբ` իբ­րեւ յար­գանք Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի զո­հո­ւած­նե­րուն: Ա­պա՝ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի տե­սագ­րո­ւած ու­ղեր­ձը:

Օ­րո­ւան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան, որ դի­տել տո­ւաւ, թէ այս տա­րի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի 25ա­մեա­կը կը նշո­ւի եր­կու հայ­կա­կան պե­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար գեր-լա­րո­ւած, ներ­քին ու ար­տա­քին լրջա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով յա­գե­ցած եւ շատ պա­տաս­խա­նա­տու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը: Առ այդ, ան կա­րե­ւոր նկա­տեց ճիշդ գնա­հա­տում կա­տա­րել, ար­ժե­ւո­րել ձեռք­բե­րում­ներն ու թե­րու­թիւն­նե­րը, չերկն­չիլ վտանգ­նե­րուն եւ սպառ­նա­լիք­նե­րուն դի­մաց եւ, վե­րա­հաս­տա­տե­լով հա­մազ­գա­յին ուխ­տը, յա­ռաջ եր­թալ:
«­Մեր մէ­ջէն պէտք է մէ­կընդ­միշտ եւ ի սպառ ար­մա­տա­խիլ ը­նենք պար­տո­ւո­ղա­կա­նու­թեան ո­րո­մը եւ մեր կեան­քը կա­ռու­ցենք դա­րե­րու փոր­ձու­թիւն ան­ցած յայտ­նի կար­գա­խօս­քով` ե­թէ խա­ղա­ղու­թիւն կ­՛ու­զես, պատ­րաստ ե­ղիր պա­տե­րազ­մի:

«Ա­յո՛, խա­ղա­ղու­թիւնն է բնա­կան մի­ջա­վայ­րը ա­րար­ման եւ կա­յուն զար­գաց­ման: Ոչ մէկ ողջ­միտ մարդ ա­նոր դէմ կրնայ ըլ­լալ: ­Բայց խա­ղա­ղու­թիւ­նը չեն մու­րար, այլ կը նո­ւա­ճեն: Թշ­նա­միին խա­ղա­ղու­թեան կը բե­րեն ոչ զի­ջե­լով, այլ` պար­տադ­րե­լով: Եւ ու­րեմն հող ու տա­րածք զի­ջի­լը ինք­նին ոչ թէ կը զսպէ թշնա­մին, այլ ա­նոր կը դարձ­նէ ա­ւե­լի սան­ձար­ձակ: Այս հա­մո­զու­մով էր, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը ժա­մա­նա­կին վճռա­կա­նօ­րէն մեր­ժեց «տա­րածք­ներ խա­ղա­ղու­թեան դի­մաց» սկզբուն­քով տագ­նա­պը լու­ծե­լու օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու պար­տո­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: ­Կաս­կա­ծէ վեր է, որ քա­ղա­քա­կան դիակ դառ­նա­լու նոյն ճա­կա­տա­գի­րը կը սպա­սէ մեզ­մէ ոե­ւէ մէ­կուն, որ կը փոր­ձէ այս կամ այն ձե­ւով վե­րա­կեն­դա­նաց­նել այդ տխրահռչակ սկզբուն­քը»,- հաս­տա­տեց ­Ռուս­տա­մեան:

Ան անդ­րա­դար­ձաւ Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին, ա­նոր շուրջ հա­մայն հա­յու­թեան հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան, հայ­կա­կան բա­նա­կի հե­րո­սա­կան դի­մա­կա­յու­թեան, ո­րոնք միաս­նա­բար ար­գի­լե­ցին թշնա­մին՝ նոր կա­ցու­թիւն ստեղ­ծե­լու: Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան նաեւ խօ­սե­ցաւ «­Սաս­նայ Ծ­ռեր»ուն մա­սին, որ նոր փոր­ձու­թեան մատ­նեց հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը` խարխ­լե­լով հա­յու­թեան ներ­քին ու ար­տա­քին անվ­տան­գու­թիւ­նը, ջլա­տե­լով ա­նոր միաս­նու­թիւ­նը. ան ա­ւել­ցուց, որ միեւ­նոյն ա­տեն պէտք է շեշ­տել, որ երկ­րին մէջ կա­րե­ւոր է ան­յա­պաղ բա­րե­փո­խում­ներ ի­րա­կա­նաց­նել, կու­տա­կո­ւած դժգո­հու­թիւնն ու լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը լից­քա­թա­փել: «Ան­ցած 25 տա­րի­նե­րը ա­ներկ­բա­յօ­րէն կը փաս­տեն, որ մեր սե­րունդ­նե­րու ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քը ա­պա­հո­վե­լու, մեր ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րէն չշե­ղե­լու գլխա­ւոր պայ­մա­նը «զար­գա­նալ չզի­ջե­լով» կար­գա­խօս­քով ա­ռաջ­նոր­դո­ւիլն է:

Ա՛յս է դժո­ւար, բայց պա­տո­ւա­բեր ճամ­բան: ­Հա­կա­ռա­կը դիւ­րին է, բայց կոր­ծա­նա­րար: Ո­րով­հե­տեւ ե­թէ շա­րու­նա­կա­բար զի­ջինք մեր շա­հե­րը, որ կա­րե­նանք զար­գա­նալ, ալ շահ չի մնար ո՛չ միայն զար­գա­նա­լու, այլ ո­րե­ւէ այլ բա­նի հա­մար: ­Հե­տե­ւա­բար, ա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ «զար­գա­նալ չզի­ջե­լով» կար­գա­խօս­քով կը նշա­նա­կէ մաս­նա­ւո­րա­պէս ամ­րապն­դել այն գա­ղա­փա­րը, որ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րածք­նե­րը ոչ թէ բեռ են, ո­րոնց­մէ պէտք է օր ա­ռաջ ա­զա­տիլ, այլ զար­գաց­ման մե­ծա­գոյն կա­րե­լիու­թիւն: Ա­ւե­լին` ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ կա­ռու­ցել մեր տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը այն­պէս, որ հա­մա­պա­տաս­խա­նէ շրջա­փա­կո­ւած եւ պա­տե­րազ­մի մէջ գտնո­ւող երկ­րի կար­գա­վի­ճա­կին ու պայ­ման­նե­րուն: ­Պէտք է ու­նե­նալ այն մնա­յուն հա­մո­զու­մը, որ ա­ւե­լի լաւ է ըլ­լալ շրջա­փա­կո­ւած, բայց պահ­պա­նել ներ­կայ 42.000 քառ. քմ. տա­րածք­նե­րը հայ­կա­կան, քան ու­նե­նալ բաց սահ­ման­ներ, բայց զրկո­ւիլ կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թեան մեր տա­րածք­նե­րէն»,- դի­տել տո­ւաւ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան` հաս­տա­տե­լով, որ բա­նակ­ցու­թեանց մի­ջո­ցով հար­ցի լու­ծու­մը պէտք է խարս­խո­ւած ըլ­լայ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ար­տա­յայ­տած կամ­քին վրայ, են­թադ­րէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ միա­ժա­մա­նա­կեայ եւ հա­մա­չափ զի­ջում­ներ եւ ըլ­լայ հա­մա­հունչ` խա­ղաղ լուծ­ման մի­ջազ­գա­յին եզ­րե­րուն ու չա­փա­նիշ­նե­րուն:

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին հա­մա­ձայն՝ Ար­ցա­խեան տագ­նա­պի լուծ­ման հա­յե­ցա­կար­գը պէտք է հե­տապն­դէ հիմ­նա­կան կարգ մը հար­ցե­րու լու­ծու­մը.- Ա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ 1991ի ան­կա­խու­թեան եւ 2006ի սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քո­ւէ­նե­րով Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ար­տա­յայ­տած կամ­քով, բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի լիար­ժէ­քու­թեան ու ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան հա­մար ա­պա­հո­վել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի լիի­րաւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին ար­դիւ­նա­ւէտ վե­րահս­կո­ղու­թիւն սահ­մա­նել` ա­պա­հո­վե­լու 1994-1995ի զի­նա­դա­դա­րի ե­ռա­կողմ պայ­մա­նա­գի­րի ան­վե­րա­պահ կա­տա­րու­մը, բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թը հու­նա­ւո­րե­լու եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­տենչ ու հա­կա­հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար նոր թափ հա­ղոր­դել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծին:

Այդ հար­ցե­րու կար­գին ­Ռուս­տա­մեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ անվ­տան­գու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան միաս­նա­կան հա­մա­կարգ հաս­տա­տե­լու նպա­տա­կով ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մի­ջեւ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան դա­շին­քի կնքման, ձե­ւա­ւոր­ման Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած յար­ձա­կում­ներն ու ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ա­պա­ցու­ցող թղթած­րար­նե­րու եւ զա­նոնք մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պարտ­ման ներ­կա­յաց­նե­լու, Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ամ­րապն­դե­լու եւ հիմ­նախն­դի­րի հա­յան­պաստ լու­ծու­մը կան­խո­րո­շե­լու նպա­տա­կով Ար­ցա­խի վե­րաբ­նա­կեց­ման:

Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան նաեւ խօ­սե­ցաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի սահ­մա­նադ­րա­կան նոր փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն առն­չո­ւող քննար­կում­նե­րուն մա­սին` դի­տել տա­լով, որ հրա­պա­րա­կո­ւած նա­խա­գի­ծը, տա­րօ­րի­նա­կօ­րէն, չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ առ­կայ քա­ղա­քա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն եւ կ­՛ա­ռա­ջար­կէ ան­ցում կա­տա­րել ո­րե­ւէ տեղ չփոր­ձար­կուած, կա­ռա­վար­ման իր ձե­ւով նո­րա­րա­րա­կան հա­մա­կար­գի մը, ինչ որ կրնայ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը հե­ռաց­նել իր հե­տապն­դած գե­րա­գոյն նպա­տակ­նե­րէն:
«Ար­ցա­խի պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րա­յին ծրա­գիր­նե­րը պէտք է ա­պա­հո­վեն «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թե­նէն դէ­պի ­Հա­յաս­տա­նի հետ միա­ցում» ռազ­մա­վա­րու­թեան սա­հուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը: Այս նպա­տա­կին պէտք է ծա­ռա­յեն նաեւ ո­րե­ւէ փու­լի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը եւ այդ հա­մո­զու­մով է, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խի մէջ եւս կը պաշտ­պա­նէ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գին անց­նե­լու գա­ղա­փա­րը:

«25 տա­րին լիո­վին բա­ւա­րար ժա­մա­նակ է փաս­տե­լու ո­րե­ւէ պե­տու­թեան կա­յա­ցած ըլ­լա­լը, ա­նոր կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը եւ իր ան­կա­խու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը: Այ­սօր ամ­բողջ սե­րունդ մը ծնունդ ա­ռած է ա­զա­տու­թեան մէջ ու կը մեծ­նայ վա­յե­լե­լով իր հայ­րե­նի­քին ան­կա­խու­թիւ­նը: ­Մենք պար­տա­ւոր ենք պա­հե­լու, պահ­պա­նե­լու մեր եւ նոր սե­րունդ­նե­րուն ա­զա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը` ա­նոնց փո­խան­ցե­լով սե­փա­կան հայ­րե­նի­քի մէջ ապ­րե­լու ու ա­րա­րե­լու բերկ­րան­քը:
­«Կեց­ցէ՛ ա­զատ ու ան­կախ Ար­ցա­խը,
­«Կեց­ցէ՛ ­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ, սփիւռք ե­ռա­միաս­նու­թիւ­նը:
«Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տան է, եւ վերջ»,- եզ­րա­փա­կեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:

­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը հա­մալ­րե­ցին 200 նոր ըն­կեր­ներ

Ար­ցա­խի պե­տա­կա­նու­թեան զօ­րակ­ցող Հ.Յ.Դ. քա­ղա­քա­կան հա­ւա­քի ըն­թաց­քին տար­բեր տա­րի­քի պատ­կա­նող ա­ւե­լի քան 200 ան­ձեր տո­ւին ի­րենց դաշ­նակ­ցա­կա­նի եր­դու­մը եւ միա­ցան կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րուն:
Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ­Հայ ­Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու, նո­րա­գիր­նե­րու կնքա­հայր ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան յայ­տա­րա­րեց, որ սին են այն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը հա­մալ­րող­ներ չկան` հաս­տա­տե­լով, որ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րը 10 տո­կո­սով հա­մալ­րո­ւած են:
«­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն պէտք չէ ակն­կա­լու­թիւն ու­նե­նալ: ­Պէտք է բա­ւա­րա­րո­ւիլ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին ար­դիւնք­նե­րը տես­նե­լով»,- յայ­տա­րա­րեց ­Բիւ­րո­յի ան­դա­մը:
Ան նաեւ շեշ­տեց, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը չի նե­րեր պե­տու­թեան եւ պե­տա­կա­նու­թեան դէմ զէնք բարձ­րաց­նող­նե­րուն` ո­րո՛նք ալ ըլ­լան ա­նոնք: