Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­նի ­Սիւ­նի­քի մարզ­պետ ­Սու­րիկ ­Խա­չատ­րեան 1 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, գի­տե­լի­քի եւ դպրու­թեան օ­րո­ւան ա­ռի­թով, ­Գո­րի­սի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ մաս­նակ­ցած է հայ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ, գրող, փի­լի­սո­փայ ­Շա­հան ­Նա­թա­լիի (­Յա­կոբ ­Տէր-­Յա­կո­բեան) յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­

նող կի­սանդ­րիի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան: Ա­նոր յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակն ու հո­վա­նա­ւո­րը մարզ­պետ ­Խա­չատ­րեանն է:

­Կի­սանդ­րիին բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին քան­դա­կի հե­ղի­նակ ­Նա­րեկ Օր­դեան եւ ­Գո­րի­սի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ Ար­տուշ ­Ղու­կա­սեան: Այս ա­ռի­թով մարզ­պետ ­Սու­րիկ ­Խա­չատ­րեան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղած է ու­սա­նող­նե­րուն, դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մին՝ նոր ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան ա­ռի­թով, եւ ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թած է: ­Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին հնչած են նաեւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ ­Շա­հան ­Նա­թա­լիի թո­ղած գրա­կան ժա­ռան­գու­թե­նէն: