Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՄա­նո­ւէլ ­Մա­մո­յեան Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ փոր­ձեց սահ­մա­նել ­Կի­նէ­սի մէկ մրցա­նիշ: Ար­դէն մէկ ­Կի­նէ­սի մրցա­նիշ ու­նե­ցող մար­զի­կը իր ցու­ցադ­րած ար­դիւն­քը նո­ւի­րեց քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ան­մա­հա­ցած հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին: ­Մա­նո­ւէլ ­Մա­մո­

յեան փոր­ձեց գե­րա­զան­ցել ­Գա­նա­տան ներ­կա­յաց­նող ­Ռոյ ­Բեր­գե­րի ցու­ցա­նի­շը, որ գետ­նին բռունցք­նե­րու վրայ push-ups վար­ժու­թիւ­նը մէկ վայր­կեա­նի մէջ կա­տա­րած էր 84 ան­գամ: Ա­ռա­ջին փոր­ձի ժա­մա­նակ ­Մա­նո­ւէ­լը չկա­րո­ղա­ցաւ գե­րա­զան­ցել գա­նա­տա­ցիի մրցա­նի­շը եւ կա­տա­րեց 83 push-ups:

­Կի­նէ­սի մրցա­նի­շի սահ­ման­ման կա­նոն­նե­րու հա­մա­ձայն՝ մար­զի­կը ի­րա­ւունք ու­նի կա­տա­րե­լու 3 մօ­տե­ցում: ­Մա­նո­ւէլ ­Մա­մո­յեան փոքր հան­գիս­տէ ետք կա­տա­րեց 2րդ ­փոր­ձը եւ սահ­մա­նեց մրցա­նիշ: Ան յա­ջո­ղե­ցաւ վար­ժու­թիւ­նը կա­տա­րել 86 ան­գամ: «Այս յա­ջո­ղու­թիւ­նով ես ցան­կա­նում եմ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւել հայ ազ­գի վրայ եւ յա­ջո­ղու­թիւնս նո­ւի­րում եմ հայ զի­նուոր­նե­րին»,- նշեց ­Մա­նո­ւէլ ­Մա­մո­յեան:

­Մա­նո­ւէլ ­Մա­մո­յեա­նի ցու­ցա­նի­շը պի­տի գրան­ցո­ւի «­Դիւ­ցազ­նա­գիր­քին» մէջ: Իսկ ­Կե­նէ­սի մրցա­նիշ­նե­րու գիր­քին մէջ կը գրան­ցո­ւի միայն յանձ­նա­ժո­ղո­վի վերջ­նա­կան հաս­տա­տու­մէն ետք, ­Մա­նո­ւէլ ­Մա­մո­յեա­նի ե­լոյ­թը դի­տե­լէ ետք: Այս գոր­ծըն­թա­ցը կրնայ տե­ւել շուրջ 4 ա­միս, սա­կայն փաս­տը կը մնայ փաստ. ար­դիւն­քը ար­դէն ար­ձա­նագ­րո­ւած է: