29 Օգոստոսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Երեւանի մէջ ընդունեց Գերմանական-Հայկական Համախմբումի պատուիրակութիւնը` անոր նախագահ, Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Ալպերթ Վայլերի գլխաւորու
թեամբ:
Նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան գործունէութիւնը` հայ-գերմանական բարեկամական յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման ու ընդլայնման առումով:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի համագործակցութեան համար եւ քննարկեցին փոխ-յարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:
Ալպերթ Վայլեր նախարար Նալբանդեանին ներկայացուց համախմբումին կողմէ կատարուող աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները:
Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ արժեւորեց Գերմանական-Հայկական Համախմբումի անդամներուն կարեւոր ջանքերը այդ հոլովոյթին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: Այս առումով Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց միութեան հետ նոր իրաւական հիմքի շուրջ բանակցութեանց ընթացքը: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու առնչութեամբ:
Ապա՝ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ, որ բարձր գնահատեց Ալպերթ Վայլերի ունեցած ներդրումը երկու երկիրներու միջ-խորհրդարանական եւ միջ-պետական յարաբերութեանց առաւել խորացման եւ զարգացման ուղղութեամբ:
Ազգային ժողովի նախագահը ողջունած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, փոխվստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանման առնչուող գերմանական կողմի ջանքերը: Այս պարունակին մէջ Գալուստ Սահակեան կարեւոր նկատած է Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամներուն Արցախ այցելութիւնը։
Գալուստ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Պունթեսթակին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծի ընդունման համար: «Համոզուած եմ, որ նման ոճրագործութիւններն ընդունելու եւ դատապարտելու ճանապարհով միայն հնարաւոր կը լինի կանխել դրանց կրկնութիւնն ապագայում», յայտնած է Գալուստ Սահակեան: