Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altԼեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 25ա­մեա­կին նուի­րո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը պի­տի սկսին 1 ­Սեպ­տեմ­բե­րին եւ պի­տի տե­ւեն մին­չեւ 3 ­Սեպ­տեմ­բե­րը նե­րա­ռեալ: Լ.Ղ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին հա­մա­ձայն՝ տօ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­

թիւն­նե­րը ըն­թացք պի­տի առ­նեն Ար­ցա­խի դպրոց­նե­րէն, ուր պի­տի տրո­ւին «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը 25 տա­րե­կան է» նիւ­թով դա­սեր:

­Նոյն օ­րը, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ, պի­տի կա­յա­նան մար­զա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ, իսկ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի կեդ­րո­նա­կան օ­ղա­կա­ձեւ պու­րա­կին մէջ` զի­նո­ւո­րա­կան նո­ւա­գա­խում­բի հա­մերգ:
Այ­նու­հե­տեւ, 2 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, տօ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը պի­տի սկսին եր­թով` Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կէն դէ­պի քա­ղա­քա­յին յու­շա­հա­մա­լիր:

­Նա­խա­տե­սո­ւած են նաեւ բա­ցօ­թեայ տօ­նա­կան մի­ջո­ցա­ռում­ներ` Ս­տե­փա­նա­կեր­տի Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեա­նի ա­նուան պու­րա­կին, ­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ա­նո­ւան կեդ­րո­նին մէջ, Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ կից եւ այլ վայ­րե­րու մէջ: ­Նոյն օ­րը մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պա­լա­տին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան «­Հա­յաս­տա­նի դրա­մաշր­ջա­նա­ռու­թեան պատ­մու­թիւ­նը» խո­րա­գի­րով ցու­ցա­հան­դէ­սի, իսկ ­Շու­շիի մէջ հան­րա­կա­ցա­րա­նա­յին հա­մա­լի­րի բաց­ման հան­դի­սու­թիւն­նե­րը:

Ե­րե­կո­յեան ­Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ պի­տի կա­յա­նան տօ­նա­կան հա­մերգ եւ հրա­վա­ռու­թիւն:
­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 25րդ ­տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը պի­տի եզ­րա­փա­կո­ւին 3 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­Քա­շա­թա­ղի շրջա­նի Ա­ղաւ­նոյ գիւ­ղին մէջ նոր թա­ղա­մա­սի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ: