Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ սատարել հայ զինուորներուն, յատկապէս՝ սահմանապահներուն: 20 Օգոստոսին ՀՕՄ-ականները անգամ մը եւս Արցախ այցելեցին՝ միշտ հաւատարիմ մնալով միութեան կարգախօսին՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար»:

Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը.
Սահմանային զօրամասեր հասնելու նախորդող առաջին կանգառը Քարվաճառի մէջ էր, ուր ՀՕՄ-ականները ծաղիկներ զետեղեցին Արցախի հերոս, Շուշիի առանձնակի գումարատակի փոխհրամանատար Պետրոս Ղեւոնդեանի յուշաքարին առջեւ:

Ապա անոնք ուղղուեցան պաշտպանական շրջանի զօրամաս, ուր անոնք հանդիպում ունեցան զօրամասի հրամանատարին հետ, տեղւոյն վրայ քննարկեցին կատարուելիք աշխատանքներն ու յառաջիկայի խնդիրները: Հանդիպման աւարտէն ետք մասնակիցները զինուորներուն եւ հրամանատարական կազմին հետ խոնարհեցան Շահէն Մեղրեանի կիսանդրիին առջեւ՝ այդպիսով վառ պահելով արցախեան ազատամարտը կերտողներէն մէկուն յիշատակը:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Դիանա Յովսէփեանի համաձայն՝ մեր ազգային պայքարին մէջ պարտադիր չէ, որ բոլորին ձեռքին զէնք ըլլայ, բայց կարեւոր է, որ բոլորս ըլլանք զէնք բռնողներուն կողքին, որովհետեւ այդ ալ պայքար է.
Զինուորին թիկունքը ապահովելը եւս պատուաբեր առաքելութիւն է:
Անոր համաձայն՝ Արցախի ՀՕՄ-ը, իր կարգին, ունի յատուկ ծրագիր՝ «Այցելութիւն դիրքապահին» նախաձեռնութիւնը, որ կը գործադրուի 2012 թուականէն:

Այցելութեան երկրորդ օրը ՀՕՄ-ուհիները այցելեցին սահմանային այլ զօրամաս մը, ուր իրենց սկզբունքներուն համապատասխան ծանօթացան զինուորներու առօրեային եւ առկայ խնդիրներուն:
Արցախեան ուղեւորութիւնը եզրափակուեցաւ Դադիվանքի մէջ՝ մոմավառութեամբ:

տեսանիւթ:
www.youtube.com/watch?v=Z5qSy6RkcHY