Զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով 2 Օգոստոսին կալանաւորուած քաղաքական գործիչներու պաշտպանները 3 Օգոստոսին յայտարարած են, որ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով կալանաւորուած
գործիչներուն նկատմամբ կը կատարուի ոչ թէ իրաւական, այլ քաղաքական հետապնդում: Այս մասին կը գրէ Արտակ Համբարձումեան:
Փաստաբաններուն համաձայն՝ այդ հետապնդումին նպատակն է կարելիութիւն չտալ, որ իրենք բողոքի քայլեր կազմակերպեն:
«Քննչական մարմինները այսօր կը շարունակեն նոյն մարտիմէկեան ձեռագիրը, քաղաքական բանտարկեալներու նկատմամբ մեղադրանքները կ՛առաջադրուին նոյն սկզբունքով»,- յայտնած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ Յովսէփ Խուրշուդեանի փաստաբան Սեդա Սաֆարեան:
Իսկ Հիմնադիր Խորհրդարանի անդամ Կարօ Եղնուկեանի պաշտպան Տիգրան Հայրապետեան դիտել տուած է.- «Այսպիսի մեղադրանքները ուղղակի մէկ նպատակ ունին, որպէսզի անոնք չշարունակեն հաւաքներ կազմակերպել եւ այլն»:
29 Յուլիսին Սարի Թաղի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մեղադրանքով կալանաւորուած Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխ-նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի պաշտպան Գիւի Յովհաննիսեան ըսած է, որ կալանաւորումը կատարուած է միայն ոստիկաններուն ցուցմունքներուն հիման վրայ եւ որեւէ այլ ապացոյց չէ ներկայացուած:
Ապացոյցներու բացակայութեան մասին խօսած է նաեւ Դաւիթ Սանասարեանի փաստաբան Ռոպերթ Ռեւազեան` նշելով, որ Սանասարեան ձերբակալուած է հիւանդանոցէն եւ հիմա ալ առողջական մտահոգիչ խնդիրներ ունի:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախկին բանբեր Յովսէփ Խուրշուդեան երկու ոստիկաններու ցուցմունքի հիման վրայ կը մեղադրուի ոստիկաններուն ուղղութեամբ քար նետելու յանցանքով: Անոր փաստաբանը` Սեդա Սաֆարեան, յիշեցուցած է, որ միջազգային կառոյցները բազմիցս դատապարտած են Հայաստանը` միայն ոստիկաններուն վկայութեամբ մեղադրանքներ առաջադրելու գործելաոճին համար:
Հիմնադիր Խորհրդարանի անդամ Կարօ Եղնուկեանի փաստաբան Տիգրան Հայրապետեան նշած է, որ զինուած խումբին աջակցելու մեղադրանքով կալանաւորուած իր պաշտպանեալին կը սպառնայ մինչեւ 20 տարուան բանտարկութիւն: Ըստ Հայրապետեանի՝ Եղնուկեան կը մեղադրուի 4 դրուագով, որ բոլորն ալ, ըստ փաստաբանին, յանցագործութիւններ պէտք չէ նկատել:
Բոլոր փաստաբաններն ալ ըսած են, որ պիտի բողոքարկեն կալանաւորումներու որոշումները` ընդհուպ Եւրոպական Դատարան: