Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt«Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, թէ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեան 10 Օ­գոս­տո­սին աշ­խա­տան­քա­յին այյ­ցե­լու­թիւն պի­տի տայ ­Ռու­սիա: Այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցած են նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւութեան մի­ջոց­նե­րու

հետ կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն: Այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ նա­խա­գահ ­Սարգսեան ­Մոս­կուա­յի մէջ հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նայ ­Ռու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թի­նի հետ:

­Բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին նա­խա­տե­սո­ւած է քննար­կել ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ շարք մը մար­զե­րէ ներս՝ քա­ղա­քա­կան, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան, երկ­կող­մա­նի փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գի ա­ռանց­քա­յին հար­ցեր, ինչ­պէս նաեւ եւ­րա­սիա­կան տա­րած­քին մէջ հա­մարկ­ման հո­լո­վոյթ­նե­րու զար­գաց­ման վե­րա­բե­րող հար­ցեր: ­Նա­խա­գահ­ներ ­Սերժ ­Սարգսեան եւ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին միտ­քեր պի­տի փո­խա­նա­կեն նաեւ մի­ջազ­գա­յին ու շրջա­նա­յին շարք մը այժ­մէա­կան խնդիր­նե­րու շուրջ: