«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը դատապարտած է 29 Յուլիսին, Երեւանի մէջ ցուցարարները ցրուելու գործողութեան ժամանակ, ոստիկանութեան կողմէ լրագրողներուն նկատմամբ գործադրուած բռնութիւնները:
Կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 12 լրագրողներ վիրաւորուած են: Քաղաքացիական հագուստով ոստիկանները, զինուած մահակներով ու մետաղաձողերով, հարուածած են «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան լրագրողները: «Առաջին լրատուական», «Սիվիլնեթ», «Առաջին», «Փանորամա», «Լրագիր» եւ ռուսական «Լայֆ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներն ու նկարահանողները վիրաւորուած են ձայնային նռնակներէն: «Արմենիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան երկու լրագրողներու վրայ յարձակած են քաղաքացիական հագուստով անձեր, որոնք նաեւ կոտրած են անոնց տեսախցիկն ու բարձրախօսը: Քանի մը լրագրողներ ալ հիւանդանոց փոխադրուած են այրուածքներով ու այլ վէրքերով:
«Ակնյայտ է, որ տեսախցիկով լրագրողներուն վրայ յարձակումները միտումնաւոր էին»,- յայտարարած է կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի ու Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու ներկայացուցիչ Խոխան Պիր: «Անոնցմէ քանի մը հոգիին շարունակած են ծեծել նոյնիսկ նկարահանումները դադրեցնելու խոստումէ ետք: Նման վարքագիծ պէտք է պատժուի, որպէսզի հետագային չկրկնուի: Մենք իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` վերջ տալու լրագրողներուն հանդէպ ոստիկանական բռնութիւններու անպատժելիութեան ու յստակ ցուցումներ տալու հետագային նման ոճով չվարուելու վերաբերեալ»,- նշած է ան:
Ոստիկանութիւնը խոստացած է հետաքննութիւն կատարել, որպէսզի լոյս սփռէ կատարուած դէպքերուն վրայ:
Կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ, որ անցեալ տարի 21 լրագրող նման հանգամանքներու մէջ լիազօրութիւններու գերազանցման զոհ դարձած է, բայց անհատական գործերով միայն մէկ հետաքննութիւն կատարուած է, ու ոչ ոք պատասխանատուութեան ենթարկուած է: Նմանատիպ դէպքեր յաճախ կը կրկնուին Հայաստանի մէջ: