Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՕ­գոս­տոս 2 լոյս 3ին ­Ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մարտ զօր­քե­րու սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ հա­կա­ռա­կոր­դը հրա­դա­դա­րը խախ­տած է 31 ան­գամ, ո­րու ըն­թաց­քին, տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէ, հայ դիր­քա­պահ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կած է

ա­ւե­լի քան 350 կրա­կոց: Լ.Ղ.Հ. Պ.Բ. մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թեան փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով` Օ­գոս­տոս 2ին` ժա­մը 15:00ի սահ­ման­նե­րուն, Պ.Բ. ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յո­ւած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն պահ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սին մէջ, ա­կա­նա­պայ­թիւ­նա­յին մա­հա­ցու վէրք ստա­ցած է զին­ծա­ռա­յող, 1996ի ծնունդ ­Գէորգ Ար­թու­րի ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը:

«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնում մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ «Նիուզ»ի՝ Գէորգ Յարութիւնեանը ընտանիքի միակ զաւակն էր եւ երկու ամիսէն պիտի զօրացրուէր։ Ան ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքի զաւակ էր եւ Երեւանի բնակիչ։