Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱն­հա­տա­կան մրցման ար­դիւն­քով՝ ­Հա­յաս­տա­նի խում­բը յայտ­նո­ւած է ա­ռա­ջին հո­րի­զո­նա­կա­նին, ­Մոն­կո­լիա­յի խում­բը` երկ­րորդ, ­Քո­ւէյ­թի` եր­րորդ:

 

­Մերձ-մոս­կո­վեան Ա­լա­պի­նո­յին «հրա­սայ­լա­յին մրցոյթ»ի երկ­րորդ մրցա­փու­լը ա­ւար­տած է ­Հա­յաս­տա­նի յաղ­թա­նա­կով։ Այս մա­սին, ըստ Sputnik.co.amի, հա­ղոր­դած է «­Զո­ւեզ­դա» հե­ռա­տե­սի­լի ա­լի­քը:

­Հա­յաս­տա­նի, ­Մոն­կո­լիա­յի, ­Քո­ւէյ­թի խում­բե­րը ե­լոյթ ու­նե­ցած են մի­ջազ­գա­յին բա­նա­կա­յին խա­ղե­րու «հրա­սայ­լա­յին մրցոյթ»ի երկ­րորդ ան­հա­տա­կան փու­լին: ­Ռու­սա­կան T-72 հրա­սայ­լե­րու անձ­նա­կազ­մե­րը յաղ­թա­հա­րած են ար­գելք­նե­րով ու­ղին:

Ա­նոնք հրա­սայ­լէն կրա­կո­ցով կո­ծած են գրե­թէ եր­կու քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող թի­րա­խը, իսկ հրա­սայ­լա­յին թնդա­նօ­թէն կրա­կո­ցով` 900 մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան: Ան­հա­տա­կան մրցման ար­դիւն­քով՝ յաղ­թա­կան դար­ձած է ­Հա­յաս­տա­նի խում­բը` անց­նե­լով ճա­նա­պար­հը 27 վայր­կեան 58 երկ­վայր­կեա­նի ըն­թաց­քին, երկ­րորդ` ­Մոն­կո­լիա­յի խում­բը, եր­րոր­դը` ­Քո­ւէյ­թի խում­բը: ­Ռու­սիոյ խում­բը եր­կու փու­լե­րու ար­դիւն­քով՝ մրցար­շա­ւի յա­ռա­ջա­տարն է:

­Ռու­սա­կան անձ­նա­կազ­մը յաղ­թա­հա­րած է տա­րա­ծու­թիւ­նը 23 վայր­կեան 39 երկ­վայր­կեա­նի ըն­թաց­քին:
­Կի­սաեզ­րա­փա­կիչ փու­լե­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին 12 խում­բեր: «Հ­րա­սայ­լա­յին մրցոյթ»ի եզ­րա­փա­կի­չը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Օ­գոս­տոս 13ին` խա­ղե­րու փակ­ման օ­րը: