Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՊաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ 1 Օ­գոս­տո­սին Վ­րաս­տան այ­ցե­լած ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան ­Թիֆ­լի­սի մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած է Վ­րաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մի­խէիլ ­Ճա­նե­լի­ծէի հետ:

 

 

­Ճա­նե­լի­ծէ նշած է, որ դրա­ցի երկ­րին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին տո­ւած այ­ցե­լու­թիւ­նը նշա­նա­կա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն է, ա­ռիթ է շա­րու­նա­կե­լու երկ­խօ­սու­թիւ­նը փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բազ­մա­թիւ հար­ցե­րու շուրջ: ­Նալ­բան­դեան իր կար­գին նշած է, որ ­Հա­յաս­տան կա­րե­ւոր կը նկա­տէ Վ­րաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը բո­լոր մար­զե­րուն մէջ:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կած են ­Հա­յաս­տան-Վ­րաս­տան երկ­կողմ օ­րա­կար­գի հար­ցե­րու լայն շրջա­նակ: Ընդգծուած է առ­կայ 80է ա­ւե­լի հա­մա­ձայ­նա­գիր­ներ ընդգր­կող հա­րուստ ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ որ կա­րե­լիու­թիւն կու տայ զար­գացնե­լու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տար­բեր մար­զե­րու մէջ:

Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան ու ­Մի­խէիլ ­Ճա­նե­լի­ծէ քննար­կած են ­Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ պար­բե­րա­կան խորհր­դա­տո­ւու­թիւն­նե­րու կա­յաց­ման, ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տի կա­տա­րե­լա­գործ­ման, մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, եր­թե­ւե­կի փո­խադ­րում­նե­րու դիւ­րաց­ման, ու­ժա­նիւ­թա­յին փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թեան, մշա­կու­թա­յին ո­լոր­տին մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ մա­կար­դա­կով շփում­նե­րուն առն­չո­ւող հար­ցեր, նաեւ` հայ-վրա­ցա­կան սահ­մա­նի սահ­մա­նա­զատ­ման հո­լո­վոյ­թի խնդիր­նե­րը:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին միտ­քեր փո­խա­նա­կո­ւած են մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման շուրջ:
­Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ջան­քե­րը` ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման նպա­տա­կով բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թի աշ­խու­ժաց­ման վե­րա­բե­րեալ: