Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան, «Եր­կիր ­Մե­տիա»յի խնդրան­քով, մեկ­նա­բա­նած է ոս­տի­կա­նու­թեան ­Պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ­Ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի տա­րած­քը գրա­ւած, իսկ 31 ­Յու­լի­սին անձ­նա­տուր ե­ղած զի­նեալ­նե­րուն յանձ­նո­ւե­լու ո­րո­շու­մը, ինչ­պէս նաեւ՝ այս բո­լո­րին լոյ­սին տակ ստեղ­ծո­ւած քա­

ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը:

«­Մենք կ­՛ող­ջու­նենք զի­նեալ խում­բի ան­դամ­նե­րուն յանձ­նո­ւե­լու ո­րո­շու­մը, քա­նի որ ա­տի­կա միակ ու­ղին էր՝ նոր զո­հե­րէ խու­սա­փե­լու եւ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը բա­ցա­ռե­լու: Եւ, բնա­կա­նա­բար, մեր հիմ­նա­կան հար­ցը այն էր, որ կա­րե­նա­յինք ճիշդ այս հան­գու­ցա­լուծ­ման հաս­նիլ: Ես ա­սի­կա կը նկա­տեմ նաեւ 2 կող­մե­րու ող­ջա­խո­հու­թեան ար­դիւնք, ո­րով­հե­տեւ այն, ինչ որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը համ­բե­րա­տա­րու­թեամբ ը­րին, հե­տե­ւե­լով գոր­ծըն­թա­ցին, նոյն­պէս նպաս­տեց այս մէ­կուն»,- ը­սած է ­Ռուս­տա­մեան:

Ան անդ­րա­դար­ձած է նաեւ զի­նո­ւած խում­բի ան­դամ­նե­րուն այն գի­տակ­ցու­թեան, թէ ըլ­լա­լով ի­րենց երկ­րի հայ­րե­նա­սէր զա­ւակ եւ ըն­կա­լե­լով այն, որ այս բո­լո­րը կրնան նոր զո­հեր պատ­ճա­ռել, դի­մե­ցին այս քայ­լին` քաջ գիտ­նա­լով, թէ ո­չինչ ա­ւե­լի կ­՛ար­ժէ, քան նոր զո­հե­րու ար­ձա­նագ­րու­թեան եւ նոր ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան կան­խու­մը: «Ա­սի­կա իս­կա­պէս գնա­հա­տե­լի է, եւ այս կա­ցու­թեան մէջ, բնա­կա­նա­բար, գլխա­ւոր հար­ցը կը մնայ հե­տե­ւեա­լը. մնա­ցած ա­ռում­նե­րով գոր­ծըն­թա­ցը պէտք է տե­ղի ու­նե­նայ այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, ո­րուն մա­սին մենք յայ­տա­րա­րած էինք:

Ո­րե­ւէ հա­շուե­յար­դար պէտք չէ կա­տա­րո­ւի այդ ան­ձե­րուն նկատ­մամբ: ­Մենք պէտք է հե­տե­ւինք, եւ հա­սա­րա­կու­թիւնն ալ ա­տի­կա պէտք է ը­նէ, որ իս­կա­պէս օ­րի­նա­կան եւ ա­մէ­նէն մեղմ տրա­մա­բա­նու­թեամբ ա­ռա­ջադ­րո­ւին մե­ղադ­րանք­նե­րը` մեկ­նե­լով ո­րոշ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնք ան­հեր­քե­լի են, բայց մնա­ցած խնդիր­նե­րը, ո­րոնք թոյլ կու տան, նաեւ օ­րէնսդ­րու­թիւ­նը կ­՛ար­տօ­նէ, որ ա­մէ­նէն մեղմ կեր­պով վե­րա­բե­րին կա­տա­րո­ւա­ծին հետ»,- յայտ­նած է ­Ռուս­տա­մեան:

Ան կա­րե­ւոր նկա­տած է շու­տով վերց­նել այն պատ­ճառ­նե­րը, ո­րոնք մար­դոց մղած են դի­մե­լու նման յու­սա­հատ քայ­լի` ա­ւելց­նե­լով, որ ա­նոնք հա­սա­րա­կու­թեան մէջ խոր ար­մատ­ներ նե­տած պատ­ճառ­ներ են, ուս­տի պէտք է աշ­խա­տիլ, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ այս աս­տի­ճա­նի դժգո­հու­թիւն­նե­րը նո­ւա­զին եւ վեր­նան:

«Ա­տոր հա­մար մտա­ծո­ւած քայ­լեր անհ­րա­ժեշտ են: Ըն­դու­նե­լով այս դժգո­հու­թիւ­նը վերց­նե­լու բո­լոր մօ­տե­ցում­ներն ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը՝ մենք չենք ըն­դու­նիր այն ու­ղին, որ կրնայ մեզ իս­կա­պէս հե­ռաց­նել այդ նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լէ, եւ ա­սի­կա հիմ­նա­կան դասն է, զոր պէտք է քա­ղեն բո­լո­րը` ե՛ւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ե՛ւ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, ե՛ւ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը:

­Կու­տա­կո­ւած խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու միակ տրա­մա­բա­նա­կան ու­ղին այն ող­ջա­միտ եւ ամ­բողջ աշ­խար­հին մէջ յայտ­նի ձե­ւերն ու մե­թոտ­ներն են, ո­րոնց­մով պէտք է թէ՛ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն հաս­տա­տո­ւի, թէ՛ ի­րա­ւա­կան պե­տու­թիւն ամ­րագ­րո­ւի, թէ՛ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նո­ւին, որ այս դժգո­հու­թիւնն ու բո­ղո­քը, ո­րոնք ա­ռար­կա­յա­կա­նօ­րէն ժո­ղո­վուր­դին եւ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ առ­կայ են, տես­նենք, որ կը վեր­նան:

«­Սա­կայն ա­սոր հա­մար պէտք է տքնա­ջան աշ­խա­տանք, գի­տակ­ցո­ւած մօ­տե­ցում, մար­դիկ, ո­րոնք ա­սի­կա կրնան ը­նել, այդ գոր­ծին պէտք է լծո­ւին: Ա­սի­կա իս­կա­պէս մե­զի բո­լո­րիս պէտք է դաս ըլ­լայ, որ օր ա­ռաջ մեր երկ­րին մէջ հաս­տա­տենք այն­պի­սի կար­գեր, այն­պի­սի հա­մա­կարգ, որ ոչ ո­քի մտքով անց­նի, որ կրնայ ոտ­նա­հա­րել իր հայ­րե­նա­կի­ցին ի­րա­ւունք­նե­րը եւ մեզ շե­ղել մեր ընդ­հա­նուր ազ­գա­յին պե­տա­կան նպա­տակ­նե­րէն»,- եզ­րա­փա­կած է Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան: