Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը ի­րա­րու կա­պող ­Վար­դե­նիս-­Մար­տա­կերտ ճամ­բու վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը, գար­նան կէ­սե­րէն սկսեալ, մեծ թա­փով ա­ռաջ կ’ըն­թա­նան: Աս­ֆալ­տա­պատ­ման եւ կա­հա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­ներ կ­ի­րա­կա­նա­ցո­ւին ճա­նա­պար­հի ամ­բողջ

եր­կայն­քով:

Ար­դէն աս­ֆալ­տա­պատ է 116 քմ. եր­կա­րու­թեամբ ճա­նա­պար­հի 74 քմ­.ը, որ­մէ 60 քմ­.ը` ներ­քին եւ վե­րին շեր­տե­րով, մնա­ցեալ 14ը` ներ­քին: ­Ճա­նա­պար­հի 22,1 քմ.ն ամ­բող­ջու­թեամբ ա­ւար­տած է` կա­հա­ւո­րո­ւած եւ նշագ­ծո­ւած: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը։

­Մայ­րու­ղիէն դէ­պի ­Չա­փար տա­նող 3,9 քմ. եր­կա­րու­թեամբ ճամ­բան նոյն­պէս վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած ու աս­ֆալ­տա­պա­տո­ւած է. ըն­թաց­քի մէջ է ­Դա­դի­վանք տա­նող 1,1 քմ. ճամ­բուն վե­րա­կա­ռու­ցու­մը: