ՓԱՐԻԶ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 7ին Մարսիլիոյ մէջ քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի ողջոյնի խօսքով մեկնարկեց Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) քոնկրեսը, որուն յատուկ հիւրի կարգավիճակով կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Երէկուան ժողովին, զեկոյցներով հանդէս եկան նաեւ ԵԺԿ նախագահ Վիլֆրիտ Մարթինս, ԵԺԿ գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Լոփէս-Իսդուրից եւ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ ԵԺԿ խումբի առաջնորդ Ժոզէֆ Տոլ: Յատկանշական է, որ Վիլֆրիտ Մարթինս իր ելոյթին ընթացքին՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը հրաւիրեց Եւրոպական երկիրներու եւ կառավարու- թիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին մասնակցելու:
«Այսօրուընէ Դուք Ձեզի կրնաք համարել Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան մեծ ընտանիքի անդամ», դիմելով Հայաստանի նախագահին յայտարարեց Վիլֆրետ Մարթենս եւ ելոյթէն ետք հանդիսաւոր կերպով Հայաստանի նախագահին փոխանցեց գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէրը:
Զեկոյցներուն յաջորդեց պատուիրակներու քննարկումը՝ «Առաջ մղելով Եւրոպան» վերտառութեամբ փաստաթուղթը:
Նախատեսուած են այս առթիւ երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու յայտարարութիւններ:
Նշենք, որ Քոնկրեսի նախաձեռնողներն են ԵԺԿ եւ Ֆրանսայի մէջ իշխող «Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժման» կուսակցութիւնը: Անոր կը մասնակցին ԵԺԿին անդամակցող կուսակցութիւններու առաջնորդներ, ինչպէս՝ Նիքոլա Սարքոզի, Անկելա Մերքէլ, Տոնալտ Դուսգ եւ այլն: Մարսիլիոյ մէջ են նաեւ Սպանիոյ նորընտիր վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ եւ Իտալիոյ արդէն նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի: Արեւելեան գործընկերութեան մէջ ընդգրկուած երկիրներու ղեկավարներէն Մարսիլիա կը գտնուին նաեւ Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Սահակաշվիլի եւ Մոլտովայի նախագահի ԺՊ, վարչապետ Վլատ Ֆիլատ:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԹՈՅԼ ՊԻՏԻ ՉՏԱՅ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ»
Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Աշխատանքային այցելութեամբ Մարսէյ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի ի պատիւ նախանցեալ երեկոյեան Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտըն կազմակերպեց ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Ընդունելութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Մարսէյ քաղաքի դերին՝ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիրները ընդունելու հարցին մէջ:
Դիմելով Մարսէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որոնց մէջ քիչ չեն Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդները, Սերժ Սարգսեան վստահեցուց, որ Հայաստան թոյլ պիտի չտայ մոռացութեան մատնել Մեծ եղեռնը:
«Մենք վստահ ենք, որ Թուրքիա պէտք է ապաշխարէ: Ատիկա ո՛չ նախապայման է, ո՛չ ալ վրէժխնդրութեան յագուրդ տալու ձգտում: Թուրքիա պէտք է դէմ յանդիման կանգնի իր պատմութեան հետ: Մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած, եւ անիկա յստակ է: Մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ ունենալու բնականոն յարաբերութիւններ, ինչպէս կը վայելէ դրացի երկիրներուն: Ուշ կամ կանուխ ինքզինք եւրոպական երկիր նկատող Թուրքիա պիտի ունենայ եւրոպական ըլլալուն յարիր ղեկավարութիւն մը, որ գլուխ պիտի խոնարհէ Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Աւելի լաւ է կանուխ, բայց ատիկա Թուրքիոյ ժողովուրդին գործն է: Մենք անոնց ոչինչ կը պարտադրենք: Ատիկա իրենք պէտք է կատարեն յանուն թուրք ժողովուրդին, ինչպէս որ Ուիլի Պրանտ ատիկա կատարեց յանուն գերմանացիներուն», ընդգծեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ համաեւրոպական կառոյցներուն մէջ Հայաստանի տեղն ու դերը ապահովելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքին, եւ շնորհակալութիւն յայտնելով եւրոպացի գործընկերներուն ու մասնաւորաբար Ֆրանսայի նախագահին Հայաստանի ջանքերուն սատար կանգնելու համար, այս հարցին մէջ կարեւոր նկատեց նաեւ Եւրոպայի հայերուն դերը:
«Մենք բոլորդ կը հրաւիրենք մասնակցելու Հայաստանի խնդիրները լուծելու ազնիւ գործին: Սփիւռքի մէջ արիւնակիցներուն մենք կը դիմենք իբրեւ հարազատներ: Եւ հարազատութեան իրաւունքով միասին պէտք է քննարկենք եղած թերութիւնները: Պիտի քննարկենք մեր խնդիրները‘ առանց իւրաքանչիւրս իր պատասխանատուութեան բաժինէն խուսափելու: Եւ առաջին պատասխանատուն այդ թերութիւններուն համար անշուշտ ես եմ: Բայց կ՛ուզեմ, որպէսզի բոլորդ մասնակցիք, մեզի հետ կիսէք պատասխանատուութիւնը եւ, ինչպէս ըսի, նաեւ յաջողութեան պատիւը», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
Եզրափակելով իր խօսքը‘ նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային եւ ֆրանսահայերուն, մարսէյցիներուն եւ մասնաւորաբար մարսէյահայերուն‘ «իրենց վերաբերմունքին, իրենց եռանդին եւ նաեւ իրենց յաջողութեան համար, որովհետեւ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ յաջողութեան հասած հայը Հայաստանը աւելի ճանաչելի կը դարձնէ»:
Հայաստանի նախագահը անգամ մը եւս խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Կոտենին‘ իր բոլոր գործերուն համար եւ հաճոյքով զայն Երեւան հրաւիրեց: