Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԵ­րե­ւա­նի մէջ լոյս տե­սած է ­Խա­չա­տուր ­Դա­դա­յեա­նի «­Հա­յոց տնտե­սա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն. ­Հա­յե­րի տնտե­սա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ներ­կա­յիս ­Թուր­քիա­յի տա­րած­քում մին­չեւ 1915 թո­ւա­կա­նը» գիր­քը (516 էջ), «Է­տիթ Փ­րինթ» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ:

Աշ­խա­տու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած են 20րդ ­դա­րու սկիզ­բին հա­յե­րու տնտե­սա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ներ­կա­յի ­Թուր­քիոյ 100 քա­ղաք­նե­րու մէջ, հայ ու­նե­ւոր դա­սի ըն­չազր­կու­մը եւ սպան­դը, տնտե­սա­կան բնա­գա­ւա­ռի 67 նշա­նա­ւոր ան­ձե­րու կեն­սագ­րու­թիւն­նե­րը, 48 ֆի­նան­սա­կան (ե­լեւմտա­կան) վար­կա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներ, ար­տադ­րա­կան ձեռ­նար­կու­թիւն­ներ եւ տնտե­սա­կան միու­թիւն­ներ, 100 գո­վազ­դա­պատ­կեր­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ ապ­րան­քա­տե­սակ­նե­րու, դրա­մա­կան, վար­չա­կան միա­ւոր­նե­րու եւ գիր­քին մէջ գոր­ծա­ծո­ւած այլ եզ­րե­րու բա­ցատ­րա­կան բա­ռա­րան մը։ ­Ժո­ղո­վա­ծոն կը պա­րու­նա­կէ 482 պատ­մա­կան հա­մայ­նա­պատ­կեր­ներ եւ դի­ման­կար­ներ: