Յուլիսի 27ին Հ.Հ. սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան հանդիպում ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. խմբապետական 7րդ
համագումարի մասնակիցներուն հետ` Կենտրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի գլխաւորութեամբ:
Ս. Սրապիոնեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի խմբապետներուն փոխանցեց Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` կարեւորելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգանուէր դերակատարութիւնը սերունդներու առողջ դաստիարակութեան գործին մէջ: «Հ.Մ.Ը.Մ.ը ունի աւելի քան 100 մասնաճիւղ աշխարհի հայաշատ համայնքներուն մէջ: Որդեգրելով ֆիզիքական եւ հոգեւոր ներդաշնակութեան կենսակերպը` Հ.Մ.Ը.Մ. տասնեակ սերունդներ է կրթած, հայ երիտասարդին սորվեցուցած է ըլլալ արի, հայրենասէր, զարգացնել անոր մէջ պատասխանատուութեան եւ արժանապատուութեան զգացումը:
Շնորհակալ ենք Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին իր արդիւնաւէտ ջանքերուն եւ նուիրումին համար: Համոզուած ենք, որ 2018ին Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակը կը նշուի մեծ շուքով»,- նշած է նախարարի տեղակալը: Ս. Սրապիոնյանն ընդգծած է, որ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ 2014ի Օգոստոս 3ին Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջեւ կնքուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր, որու ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ միջոցառումներ, կ՚իրականացուին համատեղ ծրագիրներ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Գառնիկ Մկրտիչեան նշած է.- «Հ.Մ.Ը.Մ.ի խմբապետական 7րդ համագումարի մեկնարկէն առաջ, մենք մեր պարտքն ենք համարած այցելել Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութիւն: Ուրախ ենք, որ աշխարհի տարբեր ծայրերէն հաւաքուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդ խմբապետներն այսօր այստեղ են: Այո՛, մենք կը պատրաստուինք մեծ շուքով նշելու մեր կառոյցի 100ամեակը եւ համոզուած ենք, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը կը կանգնի մեր կողքին: Նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանին փոխանցեցէք մեր ջերմ ողջոյներն ու երախտագիտութիւնը»:
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը 7րդ համագումարի համար պատրաստուած առաջին յուշանուէրը յանձնեց սփիւռքի նախարարութեան եւ նշեց, որ հանդիպումէն անմիջապէս յետոյ ամբողջ կազմով պիտի այցելեն Հայոց Ցեղասպանության զոհերու յուշահամալիր եւ ծաղիկներ պիտի խոնարհեն յուշակոթողին:
Քննարկուեցան Արցախի անվտանգութեան, Արցախի անկախութեան ճանաչման գործին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կառոյցին դերակատարութեան եւ ընելիքներուն, երկրի քաղաքական կեանքի հնարաւոր զարգացումներուն եւ Հ.Հ. տնտեսութեան զարգացման, Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման վերաբերող հարցեր: