Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՀ խորհրդարանին մէջ, Դեկտեմբեր 8ին քուէարկութեան դրուեցաւ ՀՅԴի հարցապնդումը, ըստ որուն կ՛առաջարկուէր ՀՀ կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու հարցը:

Նշեալ հարցին շուրջ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) տեսակէտը յայտնեց ԱԺ նորանշանակ փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանով, որ տեղեկացուց, թէ «Հանրապետական»ը դէմ է կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու նախագիծին:
Ընդդիմադիր «Ժառանգութիւն»ը կողմ էր ՀՅԴի հարցապնդումին. ընդհանուր առմամբ՝ ՀՀ կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու հարցին կողմ քուէարկեց 13 պատգամաւոր, դէմ՝ 48, եւ ձեռընպահ մնաց 4 անձ:
ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, թէ Դաշնակցութիւնը դիմում պատրաստած է, ու պատգամաւորներու մէկ երրորդին անհրաժեշտ ստորագրութիւն- ները ստանալէ ետք,  Սահմանադրական դատարան պիտի դիմէ:

Հայաստանի 2012ի Պետական Պիւտճէն Ընդունուեցաւ Կեղծ Քուէարկութեամբ

Երէկ, խորհրդարանական քառօրեայի վերջին օրը, քուէարկութիւններուն ընթացքին ստեղծուած է խառնաշփոթ վիճակ մը, որուն ներկայ եղած է նաեւ ամբողջ կառավարութիւնը՝ վարչապետին գլխաւորութեամբ. խորհըրդարանը քուէարկութեամբ պէտք է հաստատէր նաեւ 2012ի պետական պիւտճէն:
Պետական պիւտճէն ընդունուած է նուազագոյն շեմ պահանջող՝ 66 «կողմ» ձայներով: Նիստի աշխատանքներուն հետեւող լրագրողները պարզած են, թէ դահլիճին մէջ ներկայ էր 77 պատգամաւոր: Ընդդիմութեան 13 պատգամաւորներ «դէմ» քուէարկած են պիւտճէի նախագիծին, ըստ որուն՝ պիւտճէի նախագիծը պէտք է ստանար 64 կողմ ձայն միայն եւ չանցնէր:
Ընդդիմադիր պատգամաւորներու համաձայն, պիւտճէի սոյն քուէարկութեան նպաստած են նաեւ որոշ պատգամաւորներ, որոնք զբաղած են իրենց «բուն գործով», այսինքն՝ ուրիշին փոխարէն կոճակ սեղմելով: