Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 27էն 31 Յուլիս 2016ին, տեղի կ’ունենայ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական 7րդ համագումարը Երեւանի մէջ:
Համագումարին, որու բացումը տեղի ունեցաւ 27 Յուլիսին, կը մասնակցին 18 երկիրներէ 28 բարձրաստիճան խմբապետներ, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան խմբապետը։ Համագումարին կը մասնակցին նաեւ երկու օժանդակ խմբապետներ։
Յունաստանը կը ներկայացնեն իր երկու մասնաճիւղներու պատասխանատուները. խմբապետուհի քոյր Լոռի Պարազեան եւ եղբ.Վիգէն Մինասեան, որոնք 25 Յուլիս 2016ին եւ ժամը 11։40ի իրիկուան թռիջքով ճամբորդեցին դէպի հայրենիք:
Համագումարին բացումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի՝ 27 Յուլիս 2016ի յետմիջօրէի ժամը 4ին, «Կովկաս» հիւրանոցէն ներս։ Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ Գառնիկ Մկրտիչեան, Վաչէ Նաճարեան, Բագրատ Եսայեան, Օշին Փիրումեան եւ Անդօ Պահարեան: Իր սրտի խօսքին մէջ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան հրաւիրեց ժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը առ յաւէտ բաժնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ Լիզպոնի նահատակներուն յիշատակը, որոնց նահատակութեան օրուան զուգադիպած էր խմբապետական համագումարի բացման նիստը։ Ան նաեւ շեշտեց համագումարին կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ միութիւնը ակնկալիքներ ունի սկաուտական բարձրաստիճան այս համագումարէն։
Ապա՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վաչէ Նաճարեան մասնակիցներուն ներկայացուց համագումարին ծրագիրն ու աշխատանքներու ընթացքը՝ նշելով, որ օրակարգերը պիտի քննարկեն միութիւնը յուզող զանազան հարցեր եւ ապագայի պատկերացումներ: Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վարչութեան կողմէ բարի գալուստ մաղթեց եղբ. Պերճ Թիւֆէնքճեան՝ յաջողութիւն մաղթելով համագումարի աշխատանքներուն։
Համագումարը հինգ օրերու ընթացքին վերատեսութեան պիտի ենթարկէ սկաուտական բոլոր կարգերու գիտելիքները եւ անոնց գործադրութեան եղանակը։ Նաեւ՝ պիտի մշակէ դաստիարակչական ծրագիրներ, պիտի զբաղի շրջաններու խմբապետներու վերաորակաւորման ծրագիրներով եւ պիտի պատրաստէ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11րդ բանակումի նախածրագիրը, զորս ծրագրուած է իրագործել Միութեան 100ամեակին՝ 2018ին։
Համագումարի մասնակցողները պիտի զբաղին հետեւեալ նիւթերով.- Խմբաւորումներու գիրքերու նիւթերու եւ գիտելիքներու վերամշակում: Աստիճանաւորներ դաստիարակութիւն: Սկաուտական ընդհանուր կանոնագրութեան բարեփոխութեան առաջարկներ: Միջ-շրջանային աշխատանքներ (կարգեր, սեմինարներ......), Համաշխարային սկաուտական շարժում, շրջաններու մասնակցութիւնը իրենց երկիրներու սկաուտական կազմակերպութեան մէջ: Երիտասարդական ծրագիր: Օտարամոլութեան հարց, նոր սերդունդի ակնկալութիւնները, Ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը եւ միջոցները, մարդուժի պատրաստութիւն, Սկաուտական Ռազմավարական Ծրագրում։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Նոյն օրը առաւօտեան, համագումարի մասնակից քոյրերն ու եղբայրները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւն, ուր իրենց դիմաւորեց նախարարի փոխ-տեղակալ պրն. Սերժ Սրապիոնեան: Փոխ-տեղակալը իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ «խմբապետները իրենց տունը այցելած են այսօր եւ պատիւ է մեզ համար ձեզ հոս դիմաւորելը»:
Սրապիոնեան ընդգծեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարեւորութիւնը եւ ըսաւ, թէ ան հնոց միութիւնն է, որ կը դաստիարակէ հայեր: Ապա՝ ան անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ կնքուած յուշագիրին, որ աւելի կ’ամրապնդէ փոխադարձ գործակցութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը սփիւռքի մէկ մասնիկն է եւ երբ տակաւին ազատ ու անկախ Հայաստան չկար, Հ.Մ.Ը.Մ. սփիւռքի մէջ կը խորհրդանշէր երիտասարդութեան եւ մարմնակըրթութեան նախարարութիւնը»: Ապա՝ ան համագումարի յուշանուէրը փոխանցեց նախարարի տեղակալին:
Ապա՝ խմբապետական համագումարի մասնակիցները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի տուրք մատուցանելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Համագումարին անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ, նաեւ մեխակներ՝ իւրաքանչիւր մասնակիցի կողմէ: Կատարուեցաւ Տէրունական աղօթք, ապա՝ մասնակիցներուն կողմէ հնչեց «Յառաջ նահատակ» քայլերգը։