Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյման, իր տիկնոջ Ուաֆաա Սլէյմանի հետ եւ նախարարներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ, այսօր կանուխ առաւօտեան Երեւան ժամանեց:
Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, անոնք Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարան գտնուեցան, ուր մօտէն ծանօթացան այնտեղ ցուցադրուած ձեռագիր թանկագին մատեաններուն:
Նախատեսուած են համաձայնագրերու ստորագրութիւններ:
(Լիբանանի նախագահի այցելութեան կ'անդրադառնանք Երկուշաբթի օրուան մեր թիւով)