Հակառակ անոր, որ այս տարուան Յունիս-Յուլիս ամիսներուն ոռոգման նպատակներով Սեւանայ լիճէն կատարուած է շուրջ 80 միլիոն խորանարդ մեթր ծաւալի ջրբացթողումներ, լիճի մակարդակը նախորդ տարուան 25 Յուլիսին հետ բաղդատելով կը շարունակէ բարձր մնալ՝ 25 սանթիմեթրով:
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան «Հայ-հիդրոմետ» ծառայութիւնը յայտնած է, որ այս տարուան 25 Յուլիսի դրութեամբ, Սեւանայ լիճը ծովու մակերեսէն 1900 մեթր 73 սանթիմեթր բարձրութեան վրայ է՝ նախորդ տարուան նոյն օրուան 1900 մեթր 48 սանթիմեթր ցուցանիշին դիմաց:
Արփա-Սեւան փակուղի ջրատարով այս տարի Սեւանայ լիճ փոխադրուած է 94 միլիոն 816 հազար խորանարդ մեթր ջուր: Ստորերկրեայ հոսքին շնորհիւ Սեւանը լեցուած է 13 միլիոն 809 հազար խորանարդ մեթր ջուրով: Սեւանայ լիճին մէջ ջուրի ջերմաստիճանը կազմած է 21 աստիճան: