Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­alt25 ­Յու­լի­սին, հայ­կա­կան ո­ղիմ­պիա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին խում­բը՝ լո­ղորդ­նե­րը, ծան­րորդ­նե­րը եւ աթ­լէթ­նե­րը (մարմ­նա­մար­զիկ­նե­րը), Ե­րե­ւան-­Տո­հա–­Ռիօ տէ ­Ժա­նե­րօ թռիչ­քով մեկ­նած են՝ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու 31րդ­ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­

րուն:

­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ո­ղիմ­պիա­կան ­Կո­մի­տէի (Ա.Ո.Կ.) հա­ղոր­դագ­րու­թեան հա­մա­ձայն՝ ծան­րորդ­նե­րու խում­բը կը գլխա­ւո­րէ հա­ւա­քա­կա­նի գլխա­ւոր մար­զիչ ­Փա­շիկ Ա­լա­վեր­դեան, իսկ աթ­լեթ­նե­րը խա­ղե­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին Աթ­լե­թի (մարմ­նա­մար­զանք) ­Դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ ­Ռո­բերտ Էմ­մի­յեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ:

­Ծան­րորդ­նե­րուն հետ ­Ռիօ տը ­Ժա­նե­րօ չէ գա­ցած Ա­ռա­քել ­Միր­զո­յեա­նը, որ պի­տի միա­նայ ա­ւե­լի ուշ։ ­Հայ մար­զիկ­նե­րու այլ խումբ մըն ալ ­Ռիօ տէ ­Ժա­նե­րօ պի­տի մեկ­նի յա­ռա­ջի­կայ գի­շեր: ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վա­րը ­Հ­րա­չեայ ­Ռոս­տո­մեանն է: