Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան նախադրեալներ կը տեսնէ՝ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւման շուրջ ստեղծուած տագնապը լուծելու համար: Պատանդներու ազատ արձակումը եւ շարունակուող բանակցութիւն
ները Լեւոն Մկրտչեանին յոյս ներշնչած են, որ Հայաստանի մէջ արդէն 9րդ օրը շարունակուող տագնապը կը լուծուի:
«Պատասխանատուութիւն կայ մեր ժողովուրդի բոլոր շերտերուն մէջ, նոյնիսկ այն շերտերը, որոնք, ըսենք, շատ քաղաքական փորձառութիւն կամ գիտելիքներ չունին, բնազդով ունին այդ պատասխանատուութիւնը: Վստահ եմ, որ այս խնդիրն ալ կը լուծուի այդ նոյն ձեւաչափով: Արդէն պատանդներու արձակումը եւ բանակցային գործընթացը այդպիսի յոյս կու տան»,- Գիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Լեւոն Մկրտչեան:
Անթոյլատրելի նկատելով զինուած խումբի գործողութիւնները` նախարարը մտահոգութիւն յայտնեց, որ այս գործելաոճը նախադէպ չդառնայ. «Պետութիւնը եթէ ինքիշխան եւ անկախ պետութիւն է, շատ կարեւոր է այստեղ նախադէպային թոյլատրութիւն չըլլալը, որովհետեւ, գիտէ՞ք, ի վերջոյ, նախադէպը կրնայ քայքայել պետութիւնները, որոնք տակաւին երկար կեանքի փորձ չունին:
Մենք ընդամէնը 20-25 տարուան պետական շինարարութեան փորձ ունինք, եւ նախադէպի գոյութիւնը կրնայ յառաջացնել այնպիսի պատկերացում, որ որեւէ խումբ կրնայ իրեն համար` ճիշդ նպատակի համար կատարել քայլեր, որոնցմէ ետք մենք պարզապէս պետութիւն եւ պետականութիւն չենք ունենար»:
Ըստ հայաստանեան մամուլին՝ զինուած խումբին հետ բանակցութեանց ընթացքին շրջանառուած է կառավարութեան հրաժարականի եւ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու հարցը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ի՞նչ տեղեկութիւն ունի այս մասին, Լեւոն Մկրտչեան պատասխանեց.- «Ես որեւէ այդպիսի տեղեկութիւն չունիմ, բնականաբար»: