Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Վեր­ջին 1,5 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ գնդա­կո­ծու­թեանց եւ հրե­տա­կո­ծու­թեանց հե­տե­ւան­քով՝ ­Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նա­մերձ գօ­տիին վրայ վնա­սո­ւած է շուրջ 1600 ա­ռանձ­նա­տուն, զո­հո­ւած է 7 խա­ղաղ բնա­կիչ: Այս մա­սին, ըստ ­Տա­ւու­շի մարզ­պե­տա­րա­նի կայ­քին, նշած է ­Տա­ւու­շի մարզ­պետ ­Յո­վիկ Ա­բո­վեան, Ա.Մ.Ն. ­Ծե­րա­

կոյ­տի` ­Թո­մաս ­Գոֆ­ֆու­սի ղե­կա­վա­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին:

­Մարզ­պե­տը նաեւ խօ­սած է գիւ­ղատն­տե­սու­թեան բնա­գա­ւա­ռին հաս­ցո­ւող այն վնաս­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք տե­ղի կ­՝ու­նե­նան ե՛ւ գար­նան գիւ­ղատն­տե­սա­կան աշ­խա­տանք­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու ժա­մա­նակ, ե՛ւ բեր­քա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին: Ն­շո­ւած է նաեւ միջ-պե­տա­կան եւ հան­րա­պե­տա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րու ուղ­ղա­կի նշա­նա­ռու­թեան տակ գտնո­ւող հա­տո­ւած­նե­րու գնդա­կո­ծու­թեան եւ հրե­տա­կո­ծու­թեան դէպ­քե­րուն մա­սին:

­Մարզ­պե­տը պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րած է այն հան­գա­ման­քին վրայ, որ բազ­մա­թիւ են ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն կող­մէ սահ­մա­նա­մերձ հա­մայնք­նե­րու ման­կա­պար­տէզ­նե­րը եւ դպրոց­նե­րը նշա­նա­ռու­թեան տակ պա­հե­լու դէպ­քե­րը:

Չ­նա­յած այն բա­նին, որ հա­մա­պա­տաս­խան ծրա­գիր­նե­րով այդ ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւած են ո­րոշ պաշտ­պա­նա­կան ձեռ­նարկ­ներ`պաշտ­պա­նիչ պա­տեր, լու­սա­մուտ­նե­րու բա­ցո­ւածք­նե­րու փոք­րա­ցում, դպրոց­նե­րու եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րու մէջ ա­պա­հով սե­նեակ­նե­րու ստեղ­ծում, բայց ե­րե­խա­նե­րու ա­պա­հով շար­ժը դեռ վտան­գո­ւած է:

Ի­րենց հա­մայնք­նե­րուն մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին ա­ռա­ւել ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցու­ցած են նաեւ սահ­մա­նա­մերձ ­Բա­ղա­նիս, ­Չի­նա­րի եւ ­Բեր­քա­բեր հա­մայնք­նե­րուն ղե­կա­վար­նե­րը: