Կառավարութիւնը Հայաստանի 2016 թուականի պետական պիւտճէին եւ իր նախկին որոշումներէն մէկուն մէջ կատարած է փոփոխութիւններ, որոնք պայմանաւորուած են Հ.Հ. պետական իշխանութեան մարմիններէն ստացուած եւ նախատեսուած յատկացումներու
կրճատման վերաբերեալ առաջարկութիւններով՝ 2016 թուականի պետական պիւտճէի կատարումը ապահովելու նպատակով անոնց կողմէ իրականացուող ծախսային ծրագրի հիման վրայ։ Որոշման ընդունումով՝ Հ.Հ. 2016 թուականի պետական պիւտճէի պակասը եւ ծախսերը կը կրճատուին մօտ 10,4 միլիառ դրամով:
Յաջորդ որոշմամբ՝ կառավարութիւնը 2016ի պետական պիւտճէին մէջ կատարած է վերաբաշխում եւ փոփոխութիւններ, որոնք թելադրուած են Հ.Հ. պետական պիւտճէէն տնտեսաւորուող պետական իշխանութեան մարմիններու ծառայողական հանրակառքերու սահմանաքանակներու կրճատման կապակցութեամբ յառաջացած 142 ծառայողական մեքենաներու պահպանման ծախսերը` շուրջ 91 միլիոն դրամի չափով (հաշուարկը կատարուած է 6 ամսուան կտրուածքով), կրճատելու անհրաժեշտութեամբ: