Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՅու­լիս 21ին ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան իր հա­ւա­տար­մա­գիր­նե­րը յանձ­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիոս ­Փաւ­լո­փու­լո­սի։

 

 

­Յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դած ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցի ժա­մա­նակ, նա­խա­գահ ­Փաւ­լո­փու­լոս շնոր­հա­ւո­րեց ­Հա­յաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին՝ պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լուն ա­ռի­թով եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­նոր՝ ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քին:

­Նա­խա­գա­հը յոյս յայտ­նեց, որ դես­պան ­Չար­չօղ­լեան իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեամբ ա­ւե­լիով կ­՚ամ­րապն­դէ հայ-յու­նա­կան երկ­կողմ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը` միա­ժա­մա­նակ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով դես­պա­նին իր ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման մէջ։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան եւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հա­մար՝ դես­պան ­Չար­չօղ­լեան ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հին փո­խան­ցեց Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի ջերմ ող­ջոյն­նե­րը` ընդգ­ծե­լով, որ ­Հա­յաս­տան մե­ծա­պէս շա­հագրգ­ռո­ւած է ­Յու­նաս­տա­նի հետ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապն­դու­մով, ըն­դար­ձա­կու­մով ու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեամբ:

­Նա­խա­գահ ­Փաւ­լո­փու­լո­սի խնդրան­քով՝ դես­պան ­Չար­չօղ­լեան ներ­կա­յա­ցուց Ապ­րի­լի սկիզ­բը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիին մէջ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը եւ բա­նակ­ցա­յին ըն­թաց­քի վերսկս­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կո­ւող ջան­քե­րը: