Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՈս­տի­կա­նու­թեան պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի տա­րած­քին գտնո­ւող «­Սաս­նայ Ծ­ռեր» խում­բի ան­դամ­նե­րը ա­զատ ար­ձակ­ցին վեր­ջին եր­կու պա­տանդ­նե­րը` Հ.Հ. փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ ­Վար­դան Ե­ղիա­զա­րեանն ու Ե­րե­ւա­նի փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ

­Վա­լե­րի Օ­սի­պեա­նը:

Ն­շենք, որ ա­ւե­լի շուտ, ա­զատ ար­ձա­կո­ւած էին եր­կու պա­տանդ­ներ եւս: Ոս­տի­կա­նու­թեան պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին գուն­դի կեդ­րո­նին վրայ «­Սաս­նայ Ծ­ռեր» զի­նո­ւած խում­բի յար­ձա­կու­մէն 7 օր անց խում­բի ան­դամ ­Վա­րու­ժան Ա­ւե­տի­սեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Ա.Ա.Ծ. տնօ­րէն ­Գէոր­գի ­Կու­տո­յեա­նի հետ` Ար­ցա­խի հե­րոս ­Վի­տա­լի ­Բա­լա­սա­նեա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ եւ ո­րո­շում կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ա­զատ ար­ձա­կե­լու պա­տանդ­նե­րը` պայ­մա­նով, որ պի­տի ստեղ­ծո­ւի մա­մու­լի կէտ:

Այս առն­չու­թեամբ ­Վի­տա­լի ­Բա­լա­սա­նեա­նը «­Շանթ» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան յայտ­նած էր հե­տե­ւեա­լը.- «Այն տղա­նե­րը, որ գտնւում են զօ­րա­մա­սում (նկա­տի ու­նի Պ.Պ.Ծ. գուն­դը), մեր մար­տա­կան ըն­կեր­նե­րի եւ ե­րի­տա­սարդ տղա­նե­րի հետ հա­մա­տեղ, ո­րո­շել ենք քայլ ա­նել: ­Մենք շար­քա­յին եր­կու ոս­տի­կան­նե­րին ա­ռանց ո­րե­ւէ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թեան ա­զատ ենք ար­ձա­կել:

­Հի­մա գոր­ծըն­թաց է գնում, պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն ու­նենք, որ մի քա­նի ժա­մից յե­տոյ այդ հար­ցե­րը կ’ու­նե­նան պա­տա­խան, որ­պէս­զի լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րի հա­մար ա­պա­հո­վենք չէ­զոք գօ­տի, ո­րը վե­րահսկ­ւում է ոս­տի­կա­նու­թեան եւ Ա.Ա.Ծ.ի կող­մից, շուր­ջօ­րեայ մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թիւն: «­Միա­ժա­մա­նակ այդ պա­հին ա­զատ կ’ար­ձա­կենք մնա­ցած 2 պա­տանդ­նե­րին` ե՛ւ Օ­սի­պեա­նին, ե՛ւ Ե­ղիա­զա­րեա­նին: ­Սա փո­խա­նա­կում չէ, դա քայլ է, որ կա­տա­րո­ւել է մեր բո­լո­րի կող­մից` իմ միջ­նոր­դու­թեամբ»:

Ն­շենք, որ ար­դէն 7րդ­ օրն է, որ «­Սաս­նայ Ծ­ռեր» խում­բը Է­րե­բու­նիի մէջ գրո­հով գրա­ւած է ոս­տի­կա­նու­թեան Պ.Պ.Ծ. գուն­դի կեդ­րո­նը եւ պա­տանդ վեր­ցու­ցած է ոս­տի­կան­ներ: ­Մէկ ոս­տի­կան` նոյն գուն­դի փոխ-հրա­մա­նա­տար Ար­թուր ­Վա­նո­յեան զո­հո­ւած է:

­Վի­րա­ւո­րո­ւած են չորս ոս­տի­կան­ներ եւ Պ.Պ.Ծ. գուն­դի գրո­հին մաս­նակ­ցած ան­ձե­րէն մէ­կը: ­Մին­չեւ այժմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած գոր­ծո­ղու­թեան ծի­րէն ներս ա­զատ ար­ձա­կո­ւած է հինգ անձ: ­Վեր­ջին ա­զատ ար­ձա­կո­ւած պա­տանդ­նե­րուն թի­ւը 4 է, այդ շար­քին են Հ.Հ. փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ ­Վար­դան Ե­ղիա­զա­րեան ու Ե­րե­ւա­նի փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ ­Վա­լե­րի Օ­սի­պեան:

­Յու­լի­սի 20ին բա­խում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան ոս­տի­կան­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մի­ջեւ: ­Ցարդ 51 մարդ տե­ղա­փո­խո­ւած է հի­ւան­դա­նոց: ­Բեր­ման են­թար­կո­ւած է 136 մարդ, ձեր­բա­կա­լո­ւած է 16։