19 Յուլիսի առաւօտեան մահացած է բանաստեղծ, թարգմանիչ Դաւիթ Յովհաննէս: Գոյժը փոխանցած են Հայաստանի Գրողներու Միութենէն` նշելով, որ ան օր մը առաջ աշխատանքի էր:
Բուն անունով Դաւիթ Յովհաննիսեան ծնած է 17 Փետրուար 1945ին, Երեւան: 2010ին արժանացած է Հայաստանի «մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ»ի կոչման: Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Հրաչեայ Յովհաննիսեանի որդին է, դերասանուհի Թամար Յովհաննիսեանի եղբայրը:
Աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: Աշխատած է Հայաստանի պարբերական մամուլին եւ «Հայֆիլմ»ի մէջ, հին եւ արտասահմանեան գրականութեան պատմութիւն դասախօսած է հայաստանեան բարձրագոյն կրթական տարբեր հիմնարկներու մէջ: 1975 թուականէն, Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ է:
1980-1990ին հայկական պատկերասփիւռի կայանին մէջ ամիսը անգամ մը վարած է «Նորք» գրական ծրագիրը: Եղած է «Արեւիկ» հրատարակչութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահը, 1999-2003ին` Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր: Հեղինակած է շուրջ 25 բանաստեղծական, մանկական եւ թարգմանական ժողովածուներ, հրապարակախօսական եւ քննադատական յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ: