Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt«Ա­ռա­ւօտ»ի հետ ու­նե­ցած հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նի մօտ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դես­պան ­Ռի­չըրտ ­Միլզ յայ­տա­րա­րած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման կը խո­չըն­դո­տէ փտա­ծու­թեան խա­րա­զա­նը, որ ­Հա­յաս­տա­նը ետ կը պա­հէ շարք մը ո­լորտ­նե­րու մէջ։

 

Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ ինք­նին այդ է պատ­ճա­ռը, որ հա­յաս­տա­նեան գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ միաս­նա­բար ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տու­նը կ­՛օ­ժան­դա­կէ, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ ա­ջակ­ցիլ շու­կա­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու հա­սա­նե­լիու­թեան բարձ­րաց­ման՝ փտա­ծու­թեան դէմ պայ­քա­րի եւ նո­րա­րա­րու­թեան, ներդրում­նե­րու ու գոր­ծառ­նու­թեան հա­մար հա­ւա­սար դաշտ ստեղ­ծե­լու մի­ջո­ցով:

«­Մի­ջազ­գա­յին այ­ցե­լու ա­ռաջ­նոր­դի» եւ այլ ծրա­գիր­նե­րու մի­ջո­ցով՝ մենք կ­՛աշ­խա­տինք կա­ռա­վա­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ փտա­ծու­թեան դէմ պայ­քա­րող ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն ու­սում­նա­կան կա­րե­լիու­թիւն­ներ ըն­ձե­ռե­լու ուղ­ղու­թեամբ»,- յայտ­նած է դես­պա­նը։