Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­մազ­գա­յի­նի ու­սա­նո­ղա­կան 22րդ ­հա­ւա­քը` «­Ֆո­րում»ը, ծայր ա­ռաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ ­Շա­բաթ՝ 16 ­Յու­լիս 2016ի ա­ռա­ւօտեան, հա­մախմ­բե­լով թի­ւով 24 ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն, Վ­րաս­տա­նէն, ­Սու­րիա­յէն, ­Կիպ­րո­սէն, ­Լի­բա­նա­նէն, Ֆ­րան­սա­յէն, Ա­մե­րի­կա­յի

­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն, ­Շուէ­տէն եւ ­Ռու­սաս­տա­նէն։ ­Բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա պան­դո­կին մէջ. մաս­նակ­ցող­նե­րու կող­քին ներ­կայ էին նաեւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ ­Լի­լիթ ­Գալս­տեան եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թե­նէն ըն­կեր ­Վի­գէն ­Թիւ­ֆէնք­ճեան։

­Բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Լի­լիթ ­Գալս­տեան, ա­պա՝ իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցեց ­Վի­գէն ­Թիւ­ֆէնք­ճեան, ինչ­պէս նաեւ ­Ֆո­րու­մի ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան վա­րի­չը՝ Ա­րա ­Բար­սե­ղեան։ ­Ճա­շի սպա­սար­կու­թե­նէն ետք, ­Ֆո­րու­մա­կան­նե­րը ուղ­ղուե­ցան դէ­պի ­Հա­յաս­տա­նի ­Պատ­մու­թեան ­Թան­գա­րան, ուր ա­ռի­թը ու­նե­ցան ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու ­Հա­յաս­տա­նի մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած հնա­գոյն ի­րե­րու մա­սին. հե­տաքրք­րա­կան էր մա­նա­ւանդ տես­նել վեր­ջերս Ա­րե­նիի մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած հնա­գոյն կօ­շի­կը, նաեւ՝ շատ մը պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ի­րեր։

­Շա­րու­նա­կե­լով՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ուղ­ղուե­ցան դէ­պի ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թի ար­ձա­նը, ա­պա՝ ­Մայր ­Հա­յաս­տա­նի ­Յու­շա­հա­մա­լի­րը, ուր կը գտնո­ւի ­Մայր ­Հա­յաս­տան քան­դա­կը։ ­Գի­շե­րը ըն­կե­րա­յին ջերմ ու խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ բա­րի գա­լուս­տի ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րուն շուրջ. կե­նաց­նե­րուն յա­ջոր­դե­ցին երգն ու պա­րը, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան բո­լո­րը, եւ ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ տա­ղանդ­նե­րը յայտ­նա­բե­րո­ւե­ցան։