Արցախի մէջ արդէն սկսած են Դաշնակցութեան աւանդական դարձած Պատանեկան բանակումները: Արդէն 6րդ տարին է, որ տարբեր երկիրներէ Արցախ ուղղուած սփիւռքահայ երիտասարդներ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտասարդական Միութեան հետ համատեղ, բանա
կումներ կը կազմակերպեն Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ:
Այս տարի բանակումներուն մեկնարկը տրուեցաւ Ասկերան քաղաքէն, ուր շուրջ 140 երեխաներ կ՛անցընեն իրենց ամառնային արձակուրդը՝ ո՛չ միայն ուրախ ժամանց ապրելով, այլ նաեւ բանակումի ընթացքին սորվելով շատ կարեւոր բաներ:
14 Յուլիսին Ասկերանի մէջ տեղի ունեցած է Հ.Յ.Դ.ի կողմէ իրականացուող պատանեկան բանակումի հանդիսաւոր բացումը։ Պատանեկան բանակումը կազմակերպուած է Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի արեւմտեան ափի Երիտասարդական Միութեան կողմէ՝ Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտասարդական Միութեան հետ գործակցաբար: