Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տան մուտք կը գոր­ծէ մի­ջազ­գա­յին «­Քարլ­սըն ­Ռե­զի­տըր» ըն­կե­րու­թեան պատ­կա­նող «­Ռե­տիս­սըն Պ­լու» պան­դոկ­նե­րու ցան­ցը:­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած է բա­ցու­մը Ե­րե­ւա­նի ա­ռա­ջին 5 աստ­ղա­նի պան­դո­կին, որ վեր կը խո­յա­նայ

 

«­Յաղ­թա­նակ» զբօ­սայ­գիի կող­քին, եւ որ այ­ցե­լու­նե­րուն կը խոս­տա­նայ ան­գե­րա­զան­ցե­լի ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցել:

«Իս­կա­պէս հա­ճե­լի է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կա­յաց­նել մեր պան­դո­կը, որ կը յատ­կան­շո­ւի իր յա­տուկ ո­ճով եւ «Ա­յո՛, կրնամ» գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ, ո­րով կ­՛ա­ռաջ­նոր­դո­ւին ցան­ցին բո­լոր պան­դոկ­նե­րը:

Շ­նոր­հա­կալ ենք մեր գոր­ծըն­կեր «­Գոլ­դեն ­Փե­լիս» ըն­կե­րու­թեան, ո­րուն հետ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ այս 5 աստ­ղա­նի պան­դո­կը ար­դէն մուտք կը գոր­ծէ նաեւ Ե­րե­ւան»,- ը­սած է «­Ռե­տիս­սըն Պ­լու Ե­րե­ւան»ի գլխա­ւոր տնօ­րէն ­Ճորճ ­Միուն: Ըստ ա­նոր՝ մի­ջազ­գա­յին մակ­նիշ ներ­կա­յաց­նե­լէ զատ, ի­րենք նաեւ բարձ­րա­կարգ ծա­ռա­յու­թիւն­ներ կը մա­տու­ցեն, ինչ որ ան­տար­բեր չի ձգեր ոե­ւէ յա­ճա­խորդ: Ս­տեղ­ծո­ւած է 134 աշ­խա­տա­տեղ, ուր միակ օ­տա­րը, ­Միո­ւի հա­մա­ձայն, ինքն է:

­Բաց­ման ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը շրջա­գա­յած է Ե­րե­ւա­նի բարձ­րա­կարգ պան­դոկ­նե­րու շար­քը հա­մալ­րած «­Ռե­տիս­սըն Պ­լու» պան­դո­կին մէջ, ծա­նօ­թա­ցած՝ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ներդ­րում­նե­րուն, ստեղծուած աշ­խա­տա­տե­ղե­րուն եւ ա­ռա­ջար­կո­ւող ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ո­րա­կին: