Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱ­մե­րի­կեան հե­ղի­նա­կա­ւոր CNN կա­յա­նը ­Հա­յաս­տա­նը նե­րա­ռած է 15 լա­ւա­գոյն գի­նե­գոր­ծա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րու շար­քին: «Ի­տա­լա­ցի­նե­րը կ­՛ը­սեն, որ «ու­տե­լի­քը ա­ռանց գի­նիի նման է ա­ռանց ա­րե­ւի օ­րուան»:

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, շատ մշա­կոյթ­նե­րու հա­մար գի­նին ու­տե­լի­քի կա­րե­ւոր մասն է, եւ գի­նիի ար­տադ­րու­թիւ­նը ­Մի­ջերկ­րա­կա­նեան տա­րա­ծաշր­ջա­նէն տա­րա­ծո­ւած է բո­լոր մայ­րա­ցա­մաք­ներ: «­Գի­նիի ար­ժե­ւո­րու­մը բարձր մա­կար­դա­կի վրայ է եւ յան­գե­ցու­ցած է գի­նե­գոր­ծա­կան եր­թու­ղի­նե­րու յա­ռա­ջաց­ման, երբ ­Գեր­մա­նիան 1935 թո­ւա­կա­նին բա­ցած է իր սե­փա­կան ­Վայնշտ­րա­սէն (­Գի­նիի եր­թու­ղին):

«Այ­սօր գի­նե­գոր­ծա­կան եր­թու­ղի­ներն ու զբօ­սաշրջա­յին պտոյտ­նե­րը ա­ւե­լի հիաս­քանչ են, քան ա­ռաջ` կա­րե­ւո­րէն (­Պոր­տօ) եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կա­նէն (­Քէյփ ­Թաուն) մին­չեւ պատ­մա­կա­նը (­Հա­յաս­տան) ու անս­պա­սե­լին (Պ­րա­զի­լը)»,- «Ար­մենփ­րես»ի փո­խանց­մամբ՝ կը գրէ CNN` ներ­կա­յաց­նե­լով 15 լա­ւա­գոյն գի­նե­գոր­ծա­կան եր­թու­ղի­նե­րը: Աւստ­րա­լիա­յէն, Ա.Մ.Ն.ի ­Քա­լի­ֆոր­նիա­յէն, ­Փոր­թու­կա­լէն, ­Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէէն, Ֆ­րան­սա­յէն, ­Յու­նաս­տա­նէն, ­Չի­լիէն, ­Գա­նա­տա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, Պ­րա­զի­լէն, Ար­ժան­թի­նէն, Ս­պա­նիա­յէն, ­Գեր­մա­նիա­յէն, Ֆ­րան­սա­յէն ետք, CNN ան­ցում կը կա­տա­րէ դէ­պի ­Հա­յաս­տան` ­Վա­յոց ձոր:

«­Հա­մա­ձայն Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չին` ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի մէջ գի­նիի ար­տադ­րու­թեան ա­ռա­ջին տա­րա­ծաշր­ջանն է, քա­նի որ ա­նի­կա Ա­րա­րատ լե­րան լան­ջե­րուն է, ուր ­Նոյ Ջր­հե­ղե­ղէն ետք տնկեց ա­ռա­ջին որ­թը: «Հ­նա­գէտ­նե­րը կը հա­մա­ձայ­նին, որ ոչ-վաղ ան­ցեա­լին հոս յայտ­նա­բե­րո­ւած է 6100 տա­րո­ւան հնու­թեան գի­նե­գոր­ծա­րան: «­Տե­ղա­կան Ա­րե­նիի բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը դա­րեր շա­րու­նակ մնա­ցած է ան­փո­փոխ` շնոր­հիւ բարձր դի­մաց­կու­նու­թեան:

­Վա­յոց ձո­րը այն տա­րա­ծաշր­ջանն է, ուր գի­նիի ա­րար­ման կը նպաս­տէ տա­րե­կան 300 ա­րե­ւոտ օ­րը: «Ա­մե­նա­շատ կազ­մա­կեր­պո­ւող պտոյտ­նե­րը տե­ղի կ­՛ու­նե­նան այն տա­րածք­ներ, ուր կայ անն­ման կար­միր Areni Noirը, որ 2012 թուա­կա­նին ­Հա­յաս­տա­նը դրաւ մի­ջազ­գա­յին գի­նե­գոր­ծա­կան քար­տէ­զի վրայ»,- կը նշէ CNN: