Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րար ­Նա­րեկ ­Սարգ­սեան 13 ­Յու­լի­սին պա­տաս­խա­նած է Հ.Յ.Դ. ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեա­նի հար­ցու­մին, որ կը վե­րա­բե­րի Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի ­Տու­նը պահ­պա­նե­լու-վե­րա­կա­ռու­

ցե­լու հար­ցին:

­Նա­խա­րա­րը ը­սած է.- «­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան 7 ­Հոկ­տեմ­բեր 2004ի թիւ 1616 ո­րո­շու­մով՝ ճար­տա­րա­պետ ­Բո­րիս ­Մեհ­րա­բեա­նի նա­խա­գի­ծով Ա­րա­մի 9 հաս­ցէին վրայ գտնո­ւող, 1910ին կա­ռու­ցո­ւած շէն­քը, ուր ժա­մա­նա­կին բնա­կած է քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ա­նո­ւա­նի գոր­ծիչ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը, ընդգր­կո­ւած է Ե­րե­ւան քա­ղա­քի պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի ան­շարժ յու­շար­ձան­նե­րու պե­տա­կան ցան­կին մէջ` իբ­րեւ հան­րա­պե­տա­կան նշա­նա­կու­թեան յու­շար­ձան: ­Ներ­կա­յիս կա­ռոյ­ցը նե­րա­ռո­ւած է «­Հին Ե­րե­ւան» հա­մա­լի­րի կա­ռու­ցա­պատ­ման ներդ­րու­մա­յին ծրա­գի­րին մէջ: Ըստ ծրա­գի­րի նա­խա­գի­ծին, նա­խա­տե­սո­ւած է պահ­պա­նել եւ վե­րա­կա­ռու­ցել գո­յու­թիւն ու­նե­ցող շի­նու­թիւ­նը»:

Ա­նոր հա­մա­ձայն, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը` իբ­րեւ 2 ­Դեկ­տեմ­բեր 2014ին «­Մալ­թի­քոն­թի­նեն­թըլ ­Տիսթ­րի­պիւ­շըն» ըն­կե­րու­թեան հետ` ի դէմս զո­ւի­ցե­րիաբ­նակ ներդ­րող ­Վար­դան Սր­մա­քե­շի, «­Հին Ե­րե­ւան» կա­ռու­ցա­պատ­ման ներդ­րու­մա­յին ծրա­գի­րին վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ստո­րագ­րող կողմ, հե­տե­ւո­ղա­կան պի­տի ըլ­լայ շէն­քի պահ­պան­ման եւ վե­րա­կա­ռուց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն:

­Միեւ­նոյն ա­տեն նկա­տի առ­նե­լով հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բազ­մա­թիւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ բազ­միցս ներ­կա­յացուած ա­ռա­ջարկ­նե­րը` վե­րո­յի­շեալ շէն­քին մէջ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի կեան­քին եւ գոր­ծու­նէու­թեան նո­ւի­րո­ւած թան­գա­րա­նա­յին գօ­տի ստեղ­ծե­լու մա­սին, ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լայ ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քին կա­ռու­ցա­պա­տող ըն­կե­րու­թեան խնդի­րը ներ­կա­յաց­նե­լու եւ ի­րա­գոր­ծե­լու հար­ցին գծով: