Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt13 ­Յու­լի­սին տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հի­ւան­դու­թեանց վե­րահսկ­ման եւ կան­խար­գիլ­ման ազ­գա­յին կեդ­րո­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղատըն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան սննդամ­թեր­քի անվ­տան­գու­թեան պե­տա­կան ծա­ռա­յու­

թեան կեդ­րո­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ էին ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն ­Մու­րա­դեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րար ­Սեր­կէյ ­Կա­րա­պե­տեան, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դես­պան ­Ռի­չըրտ ­Միլզ, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քի Վ­տանգ­նե­րու ­Նո­ւա­զեց­ման ­Գոր­ծա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Է­լի­զա­պէթ ­Ճորճ:

«Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան մար­զին մէջ նման տար­րա­լու­ծա­րա­նի բա­ցու­մը ան­գամ մը եւս կ­՛ընդգ­ծէ այն, որ մենք հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծրա­գիր­նե­րը կը նկա­տենք գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւն, եւ իւ­րա­քան­չիւր նման ծրա­գիր ար­ժա­նա­հա­ւատ կը դարձ­նէ մեր մօ­տե­ցում­նե­րը բնակ­չու­թեան հա­մար: Ա­նի­կա կո­չո­ւած է ամ­բող­ջո­վին փո­խե­լու մեր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը վա­րա­կիչ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման, ա­նոնց պատ­ճառ­նե­րու ճշդման եւ կան­խար­գի­լող ար­շաւ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ա­ռու­մով»,- ը­սած է ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն ­Մու­րա­դեան` տե­ղե­կաց­նե­լով, որ 14 ­Յու­լի­սին նմա­նա­տիպ կեդ­րոն պի­տի բա­ցո­ւի նաեւ ­Գիւմ­րիի մէջ:

Կեդ­րոն­նե­րը կա­ռու­ցո­ւած եւ վե­րա­նո­րո­գո­ւած են ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քի Վ­տանգ­նե­րու ­Նո­ւա­զեց­ման ­Գոր­ծա­կա­լու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ: ­Դես­պան ­Ռի­չըրտ ­Միլզ իր խօս­քին մէջ կա­րե­ւոր նկա­տած է եր­կու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: «Այս նոր ազ­գա­յին կա­ռոյ­ցի բա­ցու­մը եւ մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ շա­հա­ւէտ է ո՛չ միայն ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար` ա­պա­հո­վե­լով երկ­րի անվ­տան­գու­թիւ­նը, այլ նաեւ ամ­բողջ աշ­խար­հին հա­մար` օգ­նե­լով հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու տա­րած­ման դէմ պայ­քա­րին: ­Մենք գի­տենք, որ ներ­կա­յիս հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցո­ւած եւ փոխ-կա­պակ­ցո­ւած աշ­խար­հին մէջ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը սահ­ման­ներ չեն ճանչ­նար:

Ուս­տի պէտք է բո­լորս միա­սին աշ­խա­տինք կեն­սա­բա­նա­կան զէն­քե­րու տա­րած­ման կան­խար­գիլ­ման ուղ­ղու­թեամբ»: Գիւ­ղատըն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նին հա­մար ներդ­րո­ւած է 4,1 մի­լիոն, իսկ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նին հա­մար` 9,8 մի­լիոն տո­լար: