Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ, 4-8 Յուլիսին, տեղի ունեցած Ուղղափառ Երեսփոխաններու 23րդ միջ-խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ որդեգրուած է յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին:
Վեհաժողովին մասնակցած Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Մկրտիչ Մինասեան ու Արագած Ախոյեան նման յայտարարութեան որդեգրումը նկատած են մեծ ձեռքբերում: Յայտարարութիւնը միաձայնութեամբ ընդունած են 27 երկիրներու երեսփոխաններ։
Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան անդամ Մ. Մինասեան ըսած է, որ Հայաստան արդէն 23 տարի է կը մասնակցի վեհաժողովի աշխատանքներուն եւ կը նկատուի հիմնադիրներէն։ «Վեհաժողովի որոշումներն ուղարկւում են Մ.Ա.Կ.»,- աւելցուցած է ան։ Պատգամաւորներուն համաձայն՝ իրենք վեհաժողովի մասնակիցներէն խնդրած ու պահանջած են, որ դէպքերուն տրուին յստակ ու հասցէագրուած գնահատականներ:
«Մենք բաւականին երկար աշխատեցինք յայտարարութեան վրայ: Ես մեծ վերաբերմունք զգացի յոյների կողմից, որոնք լուրջ ազդեցութիւն ունեն»,- դիտել տուած է Մինասեան։ Յայտարարութեան մէջ յատկապէս գրուած է.- «Մենք կը դատապարտենք Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին երկայնքին իրավիճակի լարումը»:
Հոն կը նշուի նաեւ, որ նախայարձակ կողմը եղած է Ատրպէյճան, որ ծանր սպառազինութիւն օգտագործած եւ քաղաքացիներով բնակուած շրջաններուն վրայ կրակ բացած է։ Յայտարարութեան տակ ստորագրած երեսփոխանները անհեռատես քայլ նկատած են Ղարաբաղեան խնդիրը ռազմական ճամբով լուծելու ատրպէյանական փորձերը։