Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԱշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ Ե­րե­ւան գտնո­ւող` Վ­րաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ, Վ­րաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­

գահ ­Մա­նա­նա ­Քո­պա­խի­ձէի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը 11 ­Յու­լի­սին, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի խորհր­դա­րան­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ ­Հեր­մի­նէ ­Նաղ­դա­լեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, այ­ցե­լած են ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր:

Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի լրա­տո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թեան հա­ղոր­դու­մով՝ «Վ­րաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վարն ու ան­դամ­նե­րը ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղած են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին եւ լռու­թեամբ յար­գած սուրբ նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը»:

­Մա­նա­նա ­Քո­պա­խի­ձէ նշած է, որ վրաց ժո­ղո­վուր­դը կը դա­տա­պար­տէ ­Թուր­քիոյ մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ կա­տա­րո­ւած ցե­ղա­յին զտու­մը եւ ա­ւել­ցու­ցած` «­Մենք այ­սօր մեր յար­գան­քի տուր­քը կը մա­տու­ցենք ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին»: